09 Şubat 2017
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութենէն աղբիւր մը «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած է, որ Արաբական ծոցին մէջ ամերիկեան ուժերը բերուած են «պատրաստութեան բարձրագոյն աստիճանի»` Իրանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութեան աճին եւ զօրքերու ու սարքաւորումներու ընդհանուր պատրաստուածութեան մասին մտահոգութիւններուն պատճառով:
Նախապէս Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Մայքըլ Ֆլին յայտարարած էր, որ Սպիտակ տունը «պաշտօնապէս կը զգուշացնէ» Իրանը շրջանին մէջ կատարուելիք գործողութիւններու առնչութեամբ, ներառեալ հեռահար հրթիռներու փորձարկումը:
Նշենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց. «Մոսկուա լարուածութիւնը մեղմացնելու համար մնայուն կապի մէջ է Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի հետ»: