09 Şubat 2017
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա Ժընեւի մէջ միջսուրիական բանակցութիւններու հրաւէրներու առաքումը յետաձգած է 8 փետրուարէն աւելի ուշ ժամկէտի: Բանակցութիւնները նախատեսուած են 20 փետրուարին:
«Հրաւէրները պիտի ուղարկուին մօտ օրէն եւ ոչ թէ 8 փետրուարին, ինչպէս նախապէս յայտարարուած էր», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Տը Միսթուրայի գրասենեակէն կը բացատրեն, որ յետաձգման պատճառը «սուրիական կողմերուն հետ այժմ ընթացող խորհրդակցութիւններն են, որոնք կը վերաբերին պատուիրակութիւններու կազմութեան»:
Միեւնոյն ժամանակ, ինչպէս ընդգծուած է հաղորդագրութեան մէջ, «հրաւէրները ուղարկելու ժամկէտէն անկախ, յատուկ պատուիրակը կը պահպանէ 20 փետրուարին միջսուրիական բանակցութիւններ հրաւիրելու իր մտադրութիւնը»: