Անին Զբօսաշրջիկներու Հետաքրքրութեան Կիզակէտը Կը Հանդիսանայ - Հայերէն
30 Nisan 2025 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Գիշերավար / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

08 Şubat 2017  

Անին Զբօսաշրջիկներու Հետաքրքրութեան Կիզակէտը Կը Հանդիսանայ -

Անին Զբօսաշրջիկներու Հետաքրքրութեան Կիզակէտը Կը Հանդիսանայ Անին Զբօսաշրջիկներու Հետաքրքրութեան Կիզակէտը Կը Հանդիսանայ

Ներկայ Թուրքիոյ արեւելքը գտնուող Անի քաղաքը, որ 961-1054 թուականներուն եղած է Բագրատունեաց թագաւորութեան մայրաքաղաքը, տարուան չորս եղանակներուն զբօսաշրջիկներու հետաքրքրութեան կիզակէտը կը հանդիսանայ։ Անի քաղաքը, որ մշակութային հարստութիւններով նշանաւոր է, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մշուկութային ժառանգութեան ցանկին մէջ տեղ գրաւած է, կրելով «համաշխարհային քաղաք», «քաղաքակրթութիւններու օրրան», «հազարումէկ եկեղեցի», «40 դռներով քաղաք» անուանումները։

«Մարմարա»-ն կը հաղորդէ, որ այս եղանակին, երբ Անի քաղաքը ծածկուած է ձիւնով եւ ճերմակի սքանչելի տեսարան կը պարզէ, զբօսաշրջիկներու բուռն հետաքրքրութեան կ՛արժանանայ։ Քաղաքը, որ 68 հեկտար տարածքի վրայ հիմնուած է, պատմութեան տեւողութեամբ պահպանութեան տակ առնուած է 4․5 քիլոմեթր երկարութեամբ ամրակուռ պարիսպներով։ Քաղաքը ամրան ամիսներուն կը ճառագայթէ կանաչ գոյնի բազմազան երանգներով, իսկ ձմրան բիւեղեայ ձիւներուն մէջ զբօսաշրջիկներուն առիթ կու տայ անցեալի մէջ պտոյտ մը կատարելու։





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+