07 Şubat 2017
Ռուսիան կրնայ հինգ տարուան ընթացքին Հայաստանին մատակարարել մօտ 10 «Sukhoi SuperJet 100» օդանաւ, 2019 թուականին առաջին մատակարարումները կրնան կազմել երկուքէն մինչեւ չորս օդանաւ: Այդ մասին լրագրողներուն յայտնած Է ՌԴ արդիւնաբերութեան եւ առեւտուրի նախարար Տենիս Մանթուրովը:
«Խօսքը կը վերաբերի հինգ տարուան ընթացքին ընդհանուր առմամբ տասէն ոչ աւելի օդանաւերու մատակարարման: Սկիզբը պիտի մատակարարուի երկուքէն մինչեւ չորս օդանաւ: Եթէ այս տարի մենք կազմենք համապատասխան ծրագիր, ատոր համար լուծում գտնենք, ապա, հաշուի առնելով արտադրութեան ծիրը, մատակարարումը լաւագոյն պարագային պիտի սկսի 2018 թուականի վերջին 2019-ի սկիզբը:
Կը կարծեմ` աւելի իրատեսական է 2019 թուականը, որովհետեւ թէ՛ 2017-ին, թէ՛ 2018-ին ծրագիրները կատարուած են պատուերներու եւ համալրող մասերու մատակարարման տեսանկիւնէ»,- պատմած Է նախարարը:
Sukhoi SuperJet 100-ը ռուսական մերձմայրուղային մարդատար օդանաւ Է 98 ուղեւորներ տեղափոխելու համար մինչեւ 4,4 հազար քիլոմեթր: Օդանաւը առաջին թռիչքը իրականացուցած Է 2008 թուականի Մայիսին, առեւտրային շահագործման յանձնուած է 2011 թուականին: Օդանաւը կը կազմուի Ամուրի Քոմսոմոլսք քաղաքին մէջ, կը հաղորդէ ՌԻԱ Նովոսթին: