07 Şubat 2017
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Ժողովրդային պլոքի նախագահ Միրիամ Սքաֆը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ ընտրական նոր օրէնքին վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցան նաեւ ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Ժողովրդային պլոքին, ինչպէս նաեւ Սքաֆ ընտանիքին միջեւ տիրող հեզասահ յարաբերութիւնները` նկատի ունենալով ՀՅԴ-ի եւ նախկին նախարար Էլիաս Սքաֆի միջեւ մտերմութիւնը:
Երեսփոխան Բագրատունի հանդիպումին ընթացքին ընդգծեց երեսփոխանական ընտրութիւնները նոր եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովող ընտրական օրէնքի հիման վրայ կատարելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն արդար ներկայացուցչութիւնը ապահովել եւ Պեքաայի մէջ արձանագրուած խախտումը սրբագրել: