07 Şubat 2017
«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի փորձագէտները Ասթանայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին պատրաստակամութիւն յայտնած են Սուրիոյ մէջ զինադադարի անվերապահ կատարման համար:
«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ երէկ այդ մասին յայտարարած է Ռուսիոյ պատուիրակութեան ղեկավար, Ռուսիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի գլխաւոր վարչութեան պետի տեղակալ Սթանիսլաւ Հաճիմահոմետով:
Նշենք, որ երէկ Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ զինադադարի վերահսկողութեան հարցով Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի միացեալ գործադիր խումբի առաջին նիստը:
«Պատուիրակութիւնները հաւաստեցին գործակցութիւնը շարունակելու պատրաստակամութիւնը` ի շահ Սուրիոյ մէջ մարտական գործողութիւններու դադրեցման դրութեան անվերապահ կատարման», մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է Հաճիմահոմետով:
Սուրիոյ մէջ զինադադարի դրութեան վերահսկումի եռակողմ գործիքակազմի ստեղծման շուրջ երաշխաւոր երկիրներ Իրանի, Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ համաձայնութիւնը ձեռք բերուած է 23-24 յունուարին` սուրիական տագնապի լուծման շուրջ Ասթանայի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն ընթացքին:
Ասթանայի ժողովին մէջ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչը նիստը նկատեց «յաջող»` նշելով, որ երաշխաւոր երկիրներու ներկայացուցիչները զինադադարի հսկողութեան գործիքակազմի հարցի 90 առ հարիւրին շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են, իսկ տարակարծութիւնը այդ համաձայնութեան բանաձեւման շուրջ է:
Նշենք, որ Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նախապէս հաղորդած էր, թէ Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի ներկայացուցիչներուն կողքին Ասթանայի ժողովին ներկայ են նաեւ ՄԱԿ-ի եւ Յորդանանի ներկայացուցիչները: