07 Şubat 2017
«Արմէնփրես», յղում կատարելով «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ Փաքիստանի Քարաչի քաղաքին մէջ ահաբեկուած է աֆղան դիւանագէտ մը:
Փաքիստանեան ոստիկանութեան տուեալներով` Քարաչիի մէջ Աֆղանիստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան երրորդ քարտուղարը սպաննուած է պահպանութեան ծառայութեան աշխատակիցի մը կրակոցով:
Յանցագործը ձերբակալուած է: Զոհուածին եւ յարձակումի հեղինակին անունները չեն հրապարակուիր, յայտնի է միայն, որ վերջինս եւս աֆղան է: