Թրամփ Իրանը Կը Նկատէ «Թիւ Մէկ Ահաբեկչական Պետութիւն» - Հայերէն
27 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վահագն / Ժամ : Հրակաթն

Հայերէն :

07 Şubat 2017  

Թրամփ Իրանը Կը Նկատէ «Թիւ Մէկ Ահաբեկչական Պետութիւն» -

Թրամփ Իրանը Կը Նկատէ «Թիւ Մէկ Ահաբեկչական Պետութիւն» Թրամփ Իրանը Կը Նկատէ «Թիւ Մէկ Ահաբեկչական Պետութիւն»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադառնալով Իրանին զայն կոչեց «թիւ մէկ ահաբեկչական պետութիւն»:

Թրամփ ընդգծեց, որ 2015-ի հիւլէական համաձայնագիրի կնքումէն ետք, Իրան կորսնցուցած է Միացեալ Նահանգներու նկատմամբ յարգանքը եւ այժմ աւելի համարձակ կը գործէ միջազգային ասպարէզին մէջ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը հաղորդավար Պիլ Օ՛Ռայլիին ըսաւ, որ Իրանի հետ կնքուած համաձայնագիրը, որուն ծիրին մէջ Թեհրան սառեցուց հիւլէական ծրագիրը, իսկ Արեւմուտքը անոր դիմաց ջնջեց պատժամիջոցներու մէկ մասը, եբրեւիցէ կնքուած վատագոյն համաձայնագիրն է, որուն վերաբերեալ պէտք չէր նոյնիսկ բանակցիլ:

«Թեհրան կորսնցուցած է յարգանքը Միացեալ Նահանգներուն նկատմամբ, որովհետեւ կը կարծէ, թէ միայն յիմարները կրնային այդպիսի համաձայնագիր մը կնքել: Ատիկա Օպամայի վարչակազմին կնքած վատագոյն համաձայնագիրն է, որ ամօթ կը բերէ մեզի: Այժմ այդ փաստաթուղթը կարելիութիւն կու տայ Իրանին աւելի համարձակ գործել միջազգային ասպարէզին մէջ: Իրան թիւ մէկ ահաբեկչական պետութիւնն է», ըսած է Թրամփ:

Յիշեցնենք, որ Սպիտակ տունը օրեր առաջ Իրանի դէմ նոր պատժամիջոցներ հաստատած էր:

Քրեմլին երէկ յայտարարեց, որ «ամերիկեան վարչակազմին հետ միջազգային որոշ հարցերու շուրջ մեր տարակարծութիւնները պէտք չէ արգելք հանդիսանան մեր երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման»` նշելով. «Մենք Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Իրանը իբրեւ ահաբեկչական պետութիւն նկարագրելուն համաձայն չենք»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+