Զապէլ Եսայեան (Յովհաննէսեան, 1878-1943). Կին Գրողի, Մտաւորականի Եւ Ազգային Գործիչի Առինքնող Կերպարը - Հայերէն
28 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Սիմ / Ժամ : Փայլածու

Հայերէն :

07 Şubat 2017  

Զապէլ Եսայեան (Յովհաննէսեան, 1878-1943). Կին Գրողի, Մտաւորականի Եւ Ազգային Գործիչի Առինքնող Կերպարը -

Զապէլ Եսայեան (Յովհաննէսեան, 1878-1943). Կին Գրողի, Մտաւորականի Եւ Ազգային Գործիչի Առինքնող Կերպարը Զապէլ Եսայեան (Յովհաննէսեան, 1878-1943). Կին Գրողի, Մտաւորականի Եւ Ազգային Գործիչի Առինքնող Կերպարը

4 փետրուարին կը նշենք ծնունդը Զապէլ Եսայեանին, որ իր մնայուն եւ բարձրադիր պատուանդանը ունի հայ ժողովուրդի ազգային յիշողութեան մէջ` իբրեւ ամէնէն առինքնող կերպարներէն մէկը գրողի, մտաւորականի եւ ազգային գործիչի վաւերական վաստակ նուաճած մեծանուն հայ կիներու փաղանգին:

Հայ գրականութեան եւ ընդհանրապէս հայ մտաւորականութեան կանացի շունչն ու դրոշմը խորհրդանշող արժանաւոր հեղինակութիւններէն է Զապէլ Եսայեան:

Հայ կնոջ խղճմտանքի ձայնը առաւելագոյն հնչեղութեամբ լսելի դարձաւ Զապէլ Եսայեանի գրական ստեղծագործութեան մէջ եւ փայլք ու փառք ապահովեց գրողին: Ինչպէս որ մեծն Յակոբ Օշական կը վկայէ. «Մեր գրականութեան մէջ ամէնէն կանացի զգայնութիւնն է անիկա. Քնքշութիւն, գորով, գութ, վայելչութիւն եւ ճաշակ: Իր գործին երեք մեծ կեդրոնները կազմեցին Փարիզ, Պոլիս, Հայաստան, որոնց գոյները կը պահեն բնականութիւն, որքան տեղական հաստատ նկարագիր: Զ. Եսայեանի մէջ հայ գրականութեան ամէնէն սխրալի շնորհները, կանացի զգայնութեան ամէնէն սրտայոյզ խռովքները ու մեր ժողովուրդի հոգիին ամէնէն խորունկ սարսուռները իրարու կը միանան: Անիկա խղճմտանք մըն է, սիրտ մըն է, միտք մըն է, հաւասար ամրութեամբ ու արդարութեամբ: Տիկին Եսայեանի գործը ամբողջ մըն է: Անոր երկու մեծ բեւեռները` անհատներու հոգին եւ ժողովուրդներուն հաւաքական զգայնութիւնը ընդմիշտ նուաճուած կը մնան անխորտակելի գործերու մէջ: Զ. Եսայեան արեւմտահայ գրականութեան ամէնէն ամբողջ յաջողութիւնն է»:

Առանձին ընդգծումի արժանի է նաեւ ու մանաւա՛նդ Զապէլ Եսայեան մարդ-քաղաքացիի կերպարը, որ առաւելագոյն հարազատութեամբ մարմնաւորեց մէկ ծայրայեղութենէն միւսը շատ արագ անցում կատարող կանացի հոգեխառնութիւնը: Այս առումով կը բաւէ նշել, որ մինչեւ 1920-ի Հայաստանի Հանրապետութեան կործանումն ու հայոց նորաստեղծ պետականութեան խորհրդայնացումը, Զապէլ Եսայեան մտաւորականն ու ազգային գործիչը նուիրուեցաւ Աստուծոյ, իսկ այնուհետեւ` ծառայեց Կայսեր, որուն սակայն (եւ բարացուցականօրէն) անխնայ հարուածին «արժանացաւ» Զապէլ Եսայեան առ ի «երախտագիտութիւն»… 1937-ի ստալինեան մաքրագործումներուն զոհ երթալով եւ անյայտ վախճան մը ունենալով:

Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասին մէջ ապրող Յովհաննէսեաններու բարեկեցիկ յարկին տակ ծնաւ Զապէլ` 139 տարի առաջ: Տարրական կրթութիւնը ստացաւ Պոլսոյ Ս. Խաչ վարժարանին մէջ եւ 1895-ին գնաց Փարիզ` բարձրագոյն ուսման հետեւելու համար: Յաճախեց Սորպոնի համալսարանը, բազմակողմանի զարգացման տիրացաւ գրականութեան եւ փիլիսոփայութեան մէջ եւ ուսումը աւարտեց փայլուն արդիւնքով: Փարիզի մէջ ալ ամուսնացաւ նկարիչ Տիգրան Եսայեանի հետ եւ գրական ասպարէզ մուտք գործեց Զապէլ Եսայեան ստորագրութեամբ:

Մինչեւ 1908-ի Օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումը, Փարիզ ապրելով եւ ստեղծագործելով` Զապէլ Եսայեան իր առաջին գործերը լոյս ընծայեց Արշակ Չոպանեանի «Ծաղիկ» եւ «Անահիտ» գրական հանդէսներուն, ինչպէս նաեւ ֆրանսական պարբերականներու մէջ: Այդ շրջանի իր երկու ուշագրաւ գործերն են «Սպասման սրահին մէջ» (1903) եւ «Շնորհքով մարդիկ» (1907) վէպերը:

Իր մշակուած արեւմտահայերէնով, պարզ ու հաղորդական, այլեւ խորազգած ոճով ու ազգային, քաղաքական եւ հասարակական, յատկապէս կանանց իրաւունքներու եւ ազատագրումին առ ի պաշտպանութիւն խիզախ պատգամով` Զապէլ Եսայեան արդէն ուշադրութիւն գրաւած հեղինակ էր, երբ Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք վերադարձաւ Պոլիս եւ լծուեցաւ գրական թէ հասարակական աշխոյժ գործունէութեան:

Շռնդալից ազդեցութիւն գործեց 1909-ին լոյս տեսած իր «Կեղծ հանճարներ» վէպը, որուն մէջ անխնայ հեգնանքի նշաւակ դարձուց այլապէս հայ գրականութեան իւրօրինակ ու տարօրինակ հսկաներէն Տիրան Չրաքեանը` ԻՆՏՐԱն: Այդ շրջանէն իսկ զգալի դարձաւ հակասականութիւնը Զապէլ Եսայեան ԵՐԵՒՈՅԹին. որքան սիրելի եւ հարազատ էր վիպագիրը, այնքան յաւակնոտ եւ ինքնակեդրոն էր մարդ-քաղաքացին:

1909-ին, Ատանայի կոտորածներուն առիթով, Զապէլ Եսայեան մաս կազմեց ջարդի պատասխանատուներու Քննիչ յանձնախումբին: Մօտէն իրազեկ դարձաւ ո՛չ միայն հայոց ողբերգութեան, այլ նաեւ` ընդհանրապէս Կիլիկիոյ հայութեան մեծ տառապանքին, թրքական բռնատիրութեան ներքեւ: Այդ ամբողջը գրականօրէն յաւերժութեան յանձնեց 1911-ին լոյս տեսած իր «Աւերակներու մէջ» վէպով, որ կը նկատուի իր կարեւորագոյն գործերէն մէկը: Եղեռնի նախօրեակին, Պոլսոյ հայ կեանքին եւ յատկապէս գրական-մշակութային մեծ զարթօնքին գլխաւոր դրօշակիրներէն եղաւ Զապէլ Եսայեան: Գեղապաշտ սերունդի յառաջապահներէն էր, միաժամանակ` իր պատկանած Դաշնակցութեան Պոլսոյ պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»-ի էջերէն հայ ազգային-ազատագրական շարժման կարեւոր պատգամաբերներէն ամէնէն դիւրահաղորդը եւ ժողովրդականը:

Թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութեան նախօրէին Զապէլ Եսայեան անցաւ Պուլկարիա` խոյս տալով թրքական ոստիկանութեան հետապնդումներէն: Հոնկէ` Սեւ Ծովի վրայով, անցաւ Թիֆլիս, ուր շարունակեց իր աշխուժ գործունէութիւնը թէ՛ գրական-ստեղծագործական, թէ՛ ազգային-քաղաքական բնագաւառներու մէջ: Այդ շրջանին կարեւոր աշխատակցութիւն բերաւ Ռուբէն Դարբինեանի խմբագրած «Գործ» հանդէսին: Այդ շրջանին գրեց Սեբաստացի Մուրատի սեւծովեան հերոսական ճամբորդութեան նուիրուած յուշավէպը: 1919-ին, երբ վերստին հաստատուած էր Փարիզ, մաս կազմեց Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան եւ իր մասնակցութիւնը բերաւ խաղաղութեան համար գումարուած խորհրդաժողովներուն` հայոց իրաւունքները յիշեցնելով եւ արդարութեան մեր պահանջին իրաւատէր կանգնելով:

Նոյն այս շրջանին Զապէլ Եսայեան ապրեցաւ իր կեանքին մեծագոյն շրջադարձը: Նախ` ամբողջապէս հիասթափուեցաւ եւրոպական դիւանագիտութենէն եւ մեծապետական շահամոլութենէն, ինչ որ պոլշեւիկեան «արեւածագ»-ին նկատմամբ թիւրահաւատութեան մղեց զինք: Բայց նաեւ թունդ դաւանափոխութիւն ունեցաւ` գինիէն դարձած քացախի պէս… ո՛չ միայն կռնակ դարձուց երէկի իր պաշտամունքին առարկան եղող արժէքներուն, այլեւ` կատաղի եւ մաղձոտ պայքար բացաւ անոնց դէմ: Միայն մէկ օրինակ տալու համար կ՛արժէ առանձնացնել Աւետիս Ահարոնեանի նկատմամբ Զապէլ Եսայեանի… «սրտափոխութիւն»-ը: «Հայ գրականութեան թուխ Արամազդ» հռչակումը Ահարոնեան ստացած էր նոյնինքն Զապէլ Եսայեանէն, 1910-ականներուն, իսկ 1926ին ¬ արդէն խորհրդային հակադաշնակցական ատելութեան անձնատուր դարձած ¬ Զապէլ Եսայեան միայն հեգնանքի եւ արգահատանքի արժանի կը նկատէր միեւնոյն Ահարոնեանին` Հայկական Ազատամարտի մեծագոյն երգիչին:

Իր վերիվայրումներով հանդերձ` Զապէլ Եսայեան հայ ժողովուրդին կտակեց գրական-մտաւորական հարուստ ժառանգութիւն մը, որ ներշնչման աղբիւր կը շարունակէ մնալ հայոց սերունդներուն:

Աւելի՛ն. սփիւռքեան հանգիստ կեանքէն հրաժարելով Հայաստան հաստատուելու իր ընտրանքով` Զապէլ Եսայեան նաեւ իբրեւ ազգային-հասարակական գործիչ օրինակելի դարձաւ: Այդպէ՛ս էր, որ 17 դեկտեմբեր 1934-ին, Երեւանէն Աւետիք Իսահակեանի ուղղուած նամակի մը մէջ, Զապէլ Եսայեան ջերմագին կը յորդորէր այդ ժամանակ դեռ արտասահման ապրող Իսահակեանին, այլեւ` ընդհանրապէս սփիւռքի իր գրչեղբայրներուն, որ այլեւս վերադառնան Հայաստան, ուր կը կերտուի հայ ժողովուրդին լուսաւոր գալիքը:

Ողբերգականօրէն, Զապէլ Եսայեան միայն երեք տարի կրցաւ վայելել բերկրանքը հայրենի հողին. Ստալինեան հալածանքներու շրջանին, 1937-ին, Զապէլ Եսայեան իր կարգին ձերբակալուեցաւ եւ աքսորուեցաւ…

Տաղանդաւոր գրողի եւ համարձակախօս մտաւորականի հայ կանացի դէմքը վախճանեցաւ աքսորի մէջ, որոշ աղբիւրներու համաձայն, 1943 թուին:

Մեծարժէք Զապէլ Եսայեանի շունչով ընթերցողի յուզաշխարհը ջերմացնելու համար, ստորեւ` նմոյշ մը իր գրականութենէն.

Որբերը Ներսը եւ դուրսը

(Հատուած)

Որբերը տեղաւորելէ ետք նախապէս իրենց համար պատրաստուած տեղերը, ուշ ատեն, պարտասած եւ յուզմունքէ ջլատուած, հասանք Առաջնորդարան: Եկեղեցիին բակը պարապ էր եւ վերջալուսային անդորրութիւն մը կը ծածանէր մեր շուրջը. բայց մեր օրը դեռ չէր վերջացած, որովհետեւ ըսին որ կին մը կը սպասէր մեզի:

Որբեր ունի թերեւս արձանագրելիք, ըսաւ ընկեր մը:

Ո՛չ սակայն, որբեր չունէր արձանագրելիք այս մէկը… շատ երիտասարդ էր ու դժուար էր հաւատալ իր մայրութեանը. աչքերը մոլորուն, դէմքը ծամածռած ու քարացած անբացատրելի գալարումներու մէջ, լեզուն ծանրացած լորձունքոտ շրթներուն վրայ` անիկա ըրաւ իր անհաւատալի պատմութիւնը…

– Աչքերս կուրանա՜ն, քար կտրեր ե՜ն… ես ո՛չ հաց կ՛ուզեմ, ո՛չ օգնութիւն, արցունք տուէք ինծի՜…

Երկու տենդէ այրած աչքեր իրենց նայուածքը կը մխրճեն մեր աչքերուն մէջ:

– Մատներս չորնա՜ն… սա մատներովս ըրի…:

Ու գալարուն մատները կը ներկայացնէ մեզի:

Նախապէս բան մը կարելի չեղաւ հասկնալ, որովհետեւ իր կցկտուր եւ ողբագին խօսքերը կ՛ընդհատուէին ահռելի տագնապներով. անիկա կուրծքը կը բզքտէր ու մազերը կը փեթտէր եւ լորձունքին մէջ կը խեղդուէին իր բառերը… ու վերջապէս ուրիշներ եկան մեզի տեղեկացնել…

Իր պատմութիւնը, գիտէինք արդէ՜ն. Ատանա ոտք դրած օրերնիս լսած էինք զայն, ինչպէս ամէնէն ահաւորներէն աւելի ահաւոր դրուագ մը… սա էր այն մայրը, որ իր տասը մատներուն փորձած ոճիրովը խելագարած, հալածուած, չարագուշակ կենդանիի պէս` կը թափառէր աւերակներուն մէջ եւ ամէն սգաւորէն աւելի սգաւոր, ամէն մէկ արկածեալէն աւելի դժբախտ, կը ջանար իր դժոխային վիշտը հասկցնել…

Այն սեւ օրերուն մէջ էր… խումբ մը մարդիկ յանկարծակիի եկած, շրջապատուած կոտորողներէն, կ՛ապաստանին նկուղի մը մէջ. ոմանք արդէն զարնուած են եւ ոմանք արդէն սգաւոր. բայց բոլոր հծծիւնները, բոլոր ցաւի աղաղակները, բոլոր ինքնակորոյս վիրաւորուածները կը լռեն ու նկուղը գերեզմանային լռութիւն կը ստանայ: Իրենց վերեւ անընդհատ հրացաններու ձայները կը սուրան ու վառօդի, հրդեհի ծուխը սպրդելով մինչեւ իրենց` վտանգի մերձաւորութիւնը կ՛ազդարարէ: Սարսափահար` իրենք միշտ լուռ են ու անշարժ. յանկարծ, անգիտակից ու խիզախ, մանկական ձայն մը կը ճչէ: Ինքնապաշտպանութեան հոգէն գազանացած, մարդիկ կ՛ուզեն զայն խլել: Հոն են մանկիկին հայրն ու մայրը. սարսափելի ոճիրը վճռուած է. տասնհինգ զոյգ բոցավառ աչքեր, նկուղին մթութեան մէջ կը փնտռեն զայն… բազուկներ կը սողան դէպի անոր… չեն խօսիր ու չեն տեսնար զիրար, բայց մայրը կը հասկնայ եւ խուլ ձայնով կ՛առաջարկէ` յուսալով որ մահը նուազ վայրագ պիտի ըլլայ իր տղեկին համար…

– Կեցէ՛ք, ես իրեն կեանք տուի… ես պիտի առնեմ իր կեանքը…

Բայց իր մայրական մատները անկարող կ՛ըլլան պինդ սեղմուելու մանկիկին կոկորդին վրայ:

Աւելի տիրական, աւելի խիզախ, տղուն ձայնը կը բարձրանայ… սեւ մոլուցք մը կը դղրդէ ապաստանողները ու լռին բայց հաստատ կը մօտենան դժբախտ ծնողքին:

Ու այս անգամ հայրն է, որ կը ստանձնէ դժնդակ գործողութիւնը:

– Անգամ մըն ալ կեցէ՛ք… ես կը վերջացնեմ…

Երեք օր կը մնան նկուղին մէջ եւ այլեւս տղուն ձայնը չի լսուիր. բայց երբ լոյսին եւ արեւին կ՛ելլեն, տղան դեռ չէր մեռած: Հոգեվարքը կը տեւէ երկա՜ր. փորը ուռած, աչքերը կապիճներէն դուրս, կարծես զարմացած իր վրայ կատարուած ոճիրէն, հէգ մանկիկը իր շունչը կու տայ երկարատեւ տառապանքէ մը ետքը: Մայրը արդէն խելագարուած էր:

Այս այն կինն էր… ուրեմն անոնք, որ իրենց ձեռքովը թաղեցին իրենց զաւակներուն դիակները, անոնք, որ տեսան իրենց տղոց հիւծիլը եւ տառապիլը անօթութենէ եւ վէրքերէ, անոնք` դեռ բախտաւոր էին:

Ծամածռած դէմքը ոճրագործ մօրը կը ծածկուի ստուերի մը ներքեւ. մեր աչքե՞րն են որ կ՛ամպոտին, թէ երեկոյեան մութն է որ կ՛իջնէ… մղձաւանջային գիշերը եկեր է… ահաւասիկ Սիհունը կը մռնչէ… մտիկ կ՛ընենք իր ձայնը` ինչպէս նաեւ թշուառ կնոջ աղաղակը:

– Ես ո՛չ հաց կ՛ուզեմ քեզմէ, ո՛չ օգնութիւն, արցունք տուէ՛ք ինծի:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+