06 Şubat 2017
Թուրքիոյ հակաահաբեկչական ոստիկանութիւնը 440 հոգի ձերբակալած է ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկչական խմբաւորման հետ կապեր ունենալու կասկածով, կը հաղորդէ «Անատոլու» պետական լրատու գործակալութիւնը:
60 կասկածելիներ` հիմնականօրէն օտարերկրեայ քաղաքացիներ, ձերբակալուած են մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, 150 հոգի` Սուրիոյ սահմանակից Ուրֆա գաւառին մէջ:
Ձերբակալութիւններ կատարուած են նաեւ Պոլսոյ, Իզմիրի եւ Այնթապի մէջ: