06 Şubat 2017
29 դեկտեմբերի 2016-ին Ազրպէյճանի Հանրապետութեան զինուած ուժերուն կողմէ իրականացուած հետախուզական ներթափանցման գործողութիւններու հիման վրայ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան առընթեր Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան քննչական վարչութեան մէջ քննուող յարձակողական պատերազմ վարելու եւ սպանութեան` զուգորդուած ազգային շարժառիթով կատարուած դէպքերու յարուցուած քրէական գործի շրջագիծին մէջ նշանակուած դիակի դատաբժշկական փորձաքննութեան ընթացքին այլեւս վերացած է Ազրպէյճանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու զինուոր` 1994-ի ծնունդ Չինկիզ Քուրպանովի դիակը պահելու անհրաժեշտութիւնը:
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ 5 փետրուար 2017-ին հայ-ազրպէյճանական սահմանագօտիի Իջեւան-Ղազախ հատուածին մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան միջնորդութեամբ կազմակերպուած հանդիպումին ընթացքին Ազրպէյճանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու ներկայացուցիչներուն յանձնուած է զինուոր Չինկիզ Քուրպանովի դիակը: