«Իսրայէլի Կողմէ Բնակավայրերու Կառուցումը Ո՛չ Կը Խափանէ, Ո՛չ Ալ Կը Նպաստէ Միջին Արեւելքի Խաղաղութեան» Կ՛ըսէ Ս - Հայերէն
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

04 Şubat 2017  

«Իսրայէլի Կողմէ Բնակավայրերու Կառուցումը Ո՛չ Կը Խափանէ, Ո՛չ Ալ Կը Նպաստէ Միջին Արեւելքի Խաղաղութեան» Կ՛ըսէ Ս -

«Իսրայէլի Կողմէ Բնակավայրերու Կառուցումը Ո՛չ Կը Խափանէ, Ո՛չ Ալ Կը Նպաստէ Միջին Արեւելքի Խաղաղութեան» Կ՛ըսէ Ս «Իսրայէլի Կողմէ Բնակավայրերու Կառուցումը Ո՛չ Կը Խափանէ, Ո՛չ Ալ Կը Նպաստէ Միջին Արեւելքի Խաղաղութեան» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

Միացեալ Նահանգներու նոր վարչակազմը ունի այն կարծիքը, որ Պաղեստինի բռնագրաւուած հողերուն վրայ գոյութիւն ունեցող հրէական բնակավայրերու ընդլայնումը եւ նման վայրերու կառուցումը ո՛չ կը խափանէ, ո՛չ ալ կը նպաստէ Միջին Արեւելքի տագնապի լուծման:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարութիւն հրապարակած է Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղար Շոն Սփայսըր:

Ըստ անոր, «իսրայէլացիներու եւ պաղեստինցիներու միջեւ խաղաղութիւն տեսնելու Ամերիկայի ցանկութիւնը կէս դարէ ի վեր կը մնայ անփոփոխ»: Ամերիկեան ներկայ վարչակազմը «բնակավայրերու գոյութիւնը խոչընդոտ չի նկատեր Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան», յայտարարեց Թրամփի պաշտօնական բանբերը` աւելցնելով, սակայն, որ «նոր բնակավայրերու կառուցումը կամ գոյութիւն ունեցողներու ընդլայնումը կրնայ օգուտ չբերել նշեալ նպատակին»:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու վերջերս արտօնած էր հրեայ վերաբնակներու համար յաւելեալ երեք հազար տուներու կառուցումը Այսրյորդանանի մէջ: Մինչ այդ, Նեթանիահու եւ երկրի պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպըրման հաւանութիւն տուած էին Այսրյորդանանի մէջ գոյութիւն ունեցող հրէական բնակեցման վայրերուն մէջ 2,5 հազար միաւոր բնակարաններու շինութեան:

Բացի ատկէ, նախապէս Իսրայէլի իշխանութիւնները հաւանութիւն տուած էին Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ աւելի քան 700 միաւոր բնակարաններու կառուցման:

23 դեկտեմբեր 2016-ին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը որդեգրած էր թիւ 2334 բանաձեւը, որով Իսրայէլէն կը պահանջէր անյապաղ դադրեցնել բնակարաններու շինարարութիւնը բռնագրաւուած պաղեստինեան տարածքներուն մէջ:

Փաստաթուղթին թեր քուէարկած էին Ապահովութեան խորհուրդի 14 անդամներ: Քուէարկութեան ժամանակ միայն Միացեալ Նահանգները ձեռնպահ մնացած էին` չանսալով բանաձեւը վեթոյի ենթարկելու Իսրայէլի կոչերուն:

Իսրայէլ արդէն օրին յայտարարած էր, որ պիտի չկատարէ այդ որոշումին պահանջը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+