04 Şubat 2017
Պոլսոյ Ֆերիքոյի Մերամէտչեան դպրոցի 7-րդ դասարանի աշակերտ Մասիս Քարան իրաւունք ստացած է մասնակցելու NASA-ի տիեզերագնացներու պատրաստման կրթական ծրագիրին (ATX):
Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Նիուզ»-ը՝ վկայակոչելով «Ակօս» պարբերականը, հայ աշակերտը Թուրքիոյ խելացի աշակերտներու կրթական հիմնադրամի աջակցութեամբ կրցած է մասնակցիլ մրցոյթին ու իրաւունք ստանալ մասնակցելու NASA-ի տիեզերական կեդրոնին մէջ կազմակերպուող NASA-ի տիեզերագնացներու պատրաստման կրթական ծրագրին:
Հայ աշակերտին տրուած է հնարաւորութիւն ծանօթանալու NASA-ի տիեզերագնացներու հետ, օգտագործելու իրական կազմածներ, պատրաստելու սեփական հրթիռը ու օդ բարձրացնելու զայն, ստեղծելու սեփական ռոպոթներ ու մասնակցելու մրցոյթին:
Մերամէտչեան դպրոցի տնօրէն Արփի Մանուկեան նշած է, թէ Մասիսը շատ ընդունակ աշակերտ է շարք մը ոլորտներու մէջ: «Գրականութենէն ու ճատրակէն ստացած մրցանակներ ունի, իսկ գիտութեան հետ կապուած հետաքրքրութիւնները ամրապնդուեցան ԹՈՒՄՕ-ի հետ համագործակցութեան արդիւնքով: Մասիսը այն քիչ աշակերտներէն է, որ NASA-ն ընդունած է իր մօտ»,- ըսած տիկին Մանուկեան: