Պիտի Քննարկուի Նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը. Ֆրանսահայ Համայնքի Ընթրիքին Պիտի Մասնակցին Ֆրանսուա Հոլլանտ - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Առագոտ

Հայերէն :

03 Şubat 2017  

Պիտի Քննարկուի Նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը. Ֆրանսահայ Համայնքի Ընթրիքին Պիտի Մասնակցին Ֆրանսուա Հոլլանտ -

Պիտի Քննարկուի Նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը. Ֆրանսահայ Համայնքի Ընթրիքին Պիտի Մասնակցին Ֆրանսուա Հոլլանտ Պիտի Քննարկուի Նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը. Ֆրանսահայ Համայնքի Ընթրիքին Պիտի Մասնակցին Ֆրանսուա Հոլլանտն Ու Շարլ Ազնաւուրը

Արդէն 4-րդ տարին ըլլալով Փարիզին մէջ աւանդական դարձած «Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդ»-ի ընթրիքը այս տարի պիտի կազմակերպուի 8 փետրուարին. այս տեղեկութիւնը «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին հաստատեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանը:

«Այս տարուան ընթրիքին, ինչպէս էր նախորդ տարի, պիտի մասնակցին Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ, ներքին գործոց նախարարը, եւրոպական հարցերով արտաքին գործոց նախարարը, պիտի մասնակցին ծերակուտականներ, երեսփոխաններ, յայտնի անձեր, յատկապէս Շարլ Ազնաւուր, յայտնի լրագրողներ, տարբեր իրաւաբաններ, ուսուցիչներ, հայ համայնքէն ներկայացուցիչներ եւ Փարիզի քաղաքապետը», նշեց Մուրատ Փափազեան:

Փափազեան ըսաւ, թէ ընթրիքը լաւագոյն առիթն է համայնքին պատգամները փոխանցելու համար: «Այս տարի յատուկ ձեւով շեշտը պիտի դնենք Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին վրայ, որ Սահմանադրական դատարանը բեկանեց: Նաեւ պիտի շեշտենք Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին` Ղարաբաղի անվտանգութեան եւ ինքնորոշման հարցը: Պիտի խօսինք Ազրպէյճանի եւ Ալիեւի վարչակարգի բնոյթին մասին», ըսաւ ան:

Մուրատ Փափազեան նշեց, որ նախատեսուածը հայկական լոպպինկի ընթրիք է` համայնքի կազմակերպած ձեռնարկներէն մաս մը: «Քանի մը հարիւր ազդեցիկ մարդ պիտի գայ մեր ընթրիքին մասնակցելու եւ մեզի լսելու: Չեմ կրնար ըսել, որ ընթրիքէն անմիջական արդիւնք պիտի ըլլայ, բայց անիկա մեր աշխատանքին մաս կը կազմէ»:

Յատկանշական է Ֆրանսայի նախագահին մասնակցութիւնը հայ համայնքի կազմակերպած ձեռնարկին: Ըստ Մուրատ Փափազեանի, ներկաները կրնան անձամբ նախագահին հանդիպիլ:

«Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդ»-ին ընթրիքը առանձնայատուկ է: Նման տարողութեամբ ձեռնարկ մը, ըստ Մուրատ Փափազեանի, Ֆրանսայի մէջ կ՛ընեն նաեւ հրեաները: «Ատիկա տարիներու մեր աշխատանքին արդիւնքն է: Այս ընթացքին կրցած ենք կապեր ստեղծել, յարաբերութիւններ ընդլայնել, կապ հաստատած ենք բոլոր միջավայրերուն հետ: Հայութիւնը Ֆրանսայի մէջ հասած է բաւական բարձր մակարդակի», ըսաւ ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք ընթրիքին պիտի քննարկուի՞ն Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւնները, հայ համայնքը այդ մասին իր դիրքորոշումը պիտի յայտնէ՞, Մուրատ Փափազեանը ըսաւ. «Այդ մասին տակաւին չենք խօսած, որովհետեւ կանուխ է: Կիրակի տակաւին նոր ընտրուեցաւ ձախերու թեկնածուն: Բայց մեր աշխատանքին մաս կը կազմէ բոլոր թեկնածուներուն մեր դիրքորոշումը ներկայացնելը Հայ դատի, Լեռնային Ղարաբաղի, Հայաստանի վերաբերեալ»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+