03 Şubat 2017
Հայաստանի մասին բազմաթիւ հրապարակումներով յայտնի թուրք լրագրող Սերտար Քորուճուն միջազգային կայքին մէջ Հայաստանի մասին պատմող յօդուած ու լուսանկարներու շարք մը տեղադրած է, կը հաղորդէ «Նիուզ»-ը:
Իր հրապարակման մէջ Սերտար Քորուճուն գովեստի խօսքեր գրած է Հայաստանի գեղեցիկ վայրերուն մասին` շեշտելով, թէ Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունենալը այնքան ալ կարեւոր չէ Հայաստան այցելելու համար:
Նշենք, որ Սերտար Քորուջուն ֆէյսպուքի իր գլխաւոր նկարը դրած է Արցախի «Մենք ենք, մեր սարերը»: