Նեթանիահու. «Բոլոր Դեսպանատուները Պէտք Է Թել Աւիւէն Երուսաղէմ Տեղափոխուին» - Հայերէն
25 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ցրօն / Ժամ : Խաւարակ

Հայերէն :

30 Ocak 2017  

Նեթանիահու. «Բոլոր Դեսպանատուները Պէտք Է Թել Աւիւէն Երուսաղէմ Տեղափոխուին» -

Նեթանիահու. «Բոլոր Դեսպանատուները Պէտք Է Թել Աւիւէն Երուսաղէմ Տեղափոխուին» Նեթանիահու. «Բոլոր Դեսպանատուները Պէտք Է Թել Աւիւէն Երուսաղէմ Տեղափոխուին»

«Էսոշիէյթըտ Փրես» կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնած է, որ ինք մտադիր չէ փոխել ամերիկեան դեսպանատունը Երուսաղէմ տեղափոխելու հարցին առնչութեամբ իր դիրքորոշումը:

Կ՛ենթադրուի, որ անոր յայտարարութիւնը առնչուած է իսրայէլեան լրատուամիջոցներու հրապարակումներուն, ըստ որոնց, ամերիկեան դեսպանատան տեղափոխումը կը խոչընդոտուի պաղեստինցիներու հետ բռնկած նոր տագնապին պատճառով:

«Պիտի ուզէի այս առիթէն օգտուիլ եւ միանգամընդմիշտ յստակացնել մեր դիրքորոշումը, որ միշտ եղած է եւ պիտի մնայ այն, որ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը պէտք է տեղակայուած ըլլայ այստեղ` Երուսաղէմի մէջ», ըսած է Նեթանիահու:

Ան յոյս յայտնած է, որ ի վերջոյ երկրին բոլոր դեսպանատուները տեղափոխուին Երուսաղէմ:

«Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաքն է, եւ ճիշդ պիտի ըլլար այստեղ տեղափոխել ո՛չ միայն ամերիկեան դեսպանատունը, այլ նաեւ բոլոր երկիրներուն դեսպանատուները: Կը հաւատամ, որ ժամանակի ընթացքին անոնց մեծ մասը պիտի տեղափոխուի այստեղ», աւելցուցած է Նեթանիահու:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+