Իսկապէս Ծնունդ Էր, Վերածնունդ… - Հայերէն
25 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ցրօն / Ժամ : Մթացեալ

Հայերէն :

30 Ocak 2017  

Իսկապէս Ծնունդ Էր, Վերածնունդ… -

Իսկապէս Ծնունդ Էր, Վերածնունդ… Իսկապէս Ծնունդ Էր, Վերածնունդ…

Ոմանք պատմութիւն կը կերտեն, ոմանք կը գրեն, իսկ ոմանք պատմութիւնը կ՛ապրին:

Բախտաւորութիւն է ներկայ գտնուիլ հոն, ուր պատմութիւն կը կերտուի:

Բախտաւորութիւն է նաեւ ապրիլ պատմական վայրկեաններ: Խօսքը կը վերաբերի հայոց հայրապետին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի Հալէպ կատարած պատմական այցելութեան, որուն կը մասնակցէի նկարահանումի գործով:

Եթէ բառի մը մէջ պիտի ամփոփեմ այս այցելութիւնը, կը կարծեմ, որ «անմոռանալի»-ն յարմարագոյնն է: Անմոռանալի` ոչ միայն ինծի համար, այլ` բոլորի՛ն, ամբողջ հայութեան եւ յատկապէս հալէպահայութեան: Որովհետեւ, երբ ոչ ոք կը համարձակէր Հալէպ այցելել ապահովական պատճառներով, վեհափառը քաջաբար մեկնեցաւ Հալէպ` ըլլալու համար ժողովուրդին հետ եւ, աւելի՛ն, Ս. Ծննդեան պատարագը մատուցելու այդտեղ:

Հոն ականատես դարձանք ու նկարեցինք պատկերներ, որոնք տարիներ շարունակ պիտի յիշուին ու օգտագործուին իբրեւ օրինակ` հերոսութեան ու քաջութեան:

Թոյլ տուէք ներկայացնեմ քանի մը անմոռանալի պատկերներ, որոնք անմահացան թէ՛ լուսանկարչական մեքենայիս եւ թէ՛ մտքիս մէջ.-

Առաջին պատկեր.- Հալէպ ժամանում: Փլատակ դարձած ամայի ճամբաներէն անցնելով` հասանք Ս. Աստուածածին եկեղեցի: Համախմբուած էր ժողովուրդը` դիմաւորելու համար վեհափառը: Շեփորախումբ, ծափահարութիւններ, ուրախութիւն, կեանք… Մտանք եկեղեցի, ուր վեհափառը տուաւ իր անդրանիկ պատգամը: Յուզումն ու յոյսը կ՛արտացոլային ժողովուրդին աչքերուն մէջ, իսկ վեհափառին ձայնն ու խօսքերը կը շարժէին եկեղեցւոյ պատերը:

Երկրորդ պատկեր.- Ս. Ծնունդը Հալէպի մէջ: Եկեղեցին ողողուած էր հաւատացեալներով, իսկ ես պաշարուած` լրագրողներով` հայ, արաբ, եւրոպացի, ամերիկացի… Սովորական պատարագ մը չէր այս անգամ, իսկապէս Ծնունդ էր, Վերածնո՛ւնդ… Վերածնունդ ` գաղութի մը, որ շատ ծանր օրեր ապրեցաւ: Վերածնունդն էր Հալէպի: Ժողովուրդին միաբերան մասնակցութիւնը աղօթքներուն ու շարականներուն` պատարագը կը դարձնէին աւելի խորհրդաւոր, իսկ վեհափառին քարոզը կը ցնցէր ամբողջ եկեղեցին ու նոր շունչ կու տար հալէպահայութեան: Պատարագի աւարտին, երբ դուրս եկայ, պահ մը քարացայ ու դիտեցի շուրջս. եկեղեցւոյ շրջափակն ու թաղը լեցուած էր հայութեամբ: Հազարաւոր հայորդիներ եկած էին եկեղեցի` վերանորոգուելու, եւ ականատես դառնալու այս պատմական պատարագին:

Երրորդ պատկեր.- Այցելութիւն բերդ, մզկիթ, հայկական շրջաններ, եկեղեցիներ:

Բերդ ու մզկիթ այցելութիւնը ճիշդ է, որ խորհրդանշական էր, սակայն ինծի համար հայկական շրջաններ ու եկեղեցի այցելութիւնը առաւել խորհրդանշական էր:

Առաջին զանգերը ղօղանջեցին Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցիէն, որոնք կը պատռէին Հալէպի վրայ իշխող ծանր լռութիւնը: Փլատակ եկեղեցւոյ փոշոտ նստարաններուն առջեւ կանգնած` միաբերան «Հայր Մեր»-ը կ՛արձագանգէր ու կը ճեղքէր քարերը` բարձրանալով վեր, դէպի երկինք…

Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ որոշած էինք նկարել վեհափառին խօսքը` մեր պատրաստելիք տեսերիզին համար: Դասաւորումները ընելէ ետք, ժամը հասած էր նկարահանումի: Կանգնած էինք լուռ, ածխապատ եկեղեցւոյ հրկիզուած խորանին առջեւ: Վեհափառը սկսաւ արտասանել իր խօսքը, զանգերը սկսան ղօղանջել, բառերուն եւ ղօղանջներուն մէջէն յանկարծ հեռուէն լսուեցաւ պայթումի ձայն մը, մտահոգուեցայ. արդեօք վեհափառը կանգ պիտի առնէ՞ խօսելէն… սակայն վեհափառը շարունակեց իր խրախուսիչ խօսքը` առաւել ուժգնութեամբ, իսկ ես նկարահանումը` առաւել յուզումով:

Ամփոփելու համար այս պատկերը` կ՛ուզեմ մէջբերել, Կարօ Փոլատեանի գիրքէն քաղուած այս խօսքը. «Երկու վիթխարի ուժերու հանդիպման կէտը, երկու յաւիտենականութեանց. ձայնին եւ լռութեան, շարժուն աղաղակող կեանքին եւ ցուրտ մահուան հանդիպման կէտը. հոն, ուր մէկը կը մեռնի եւ անմիջապէս միւսը կը ծնի»:

Իրապէս ալ վեհափառին այցելած վայրին մէջ տեղի կ՛ունենար այդ հանդիպումը:

Չորրորդ պատկեր.- Այցելութիւն հայ կաթողիկէ եւ աւետարանական եկեղեցիներ: Այնքա՜ն ջերմ մթնոլորտ, այնքա՜ն ժողովուրդ. մէկ բառով` միասնականութեան փաստ: Երեք համայնքներ` մէկ ամբողջութիւն, մէկ ազգ, հայութիւն:

Այս բոլորէն ետք ինքզինքիս իրաւունք կու տամ ըսելու, որ հայոց հայրապետը` Արամ Ա. կաթողիկոսը, իսկապէս կարելի է համարել հայ ժողովուրդին իսկական հովիւը: Ոմանց համար թերեւս չափազանցութիւն թուի, սակայն չեմ մեղադրեր: Պէտք էր ապրիլ այդ վայրկեանները, պէտք էր տեսնել հալէպահայերուն աչքերը, պէտք էր լսել վեհափառին քարոզներուն եւ ղօղանջներուն միախառն ձայնը, որպէսզի կարելի ըլլար նման արտայայտութիւն ունենալ:

Երբ ոմանք կը քննադատէին այս այցելութիւնը` զայն համարելով ուշացած այցելութիւն, երբ ոմանք կը քննադատէին այս այցելութիւնը` զայն որակելով սխալ, ես կու գամ ըսելու եւ կրկնելու, եւ վստահ եմ` ինծի հետ շատ-շատեր, որ այս այցելութիւնը կը մնայ եզակի, անմոռանալի պատմական դէպք:

Հայոց հայրապետը իր այս այցելութեամբ դարձուց սփիւռքահայ պատմութեան, հալէպահայութեան տխուր էջերը` բանալով նոր էջ, ուր կայ աշխատանք, կայ հաւատք, կայ յոյս ու միասնականութիւն: Հայոց հայրապետը ապրեցուց Հալէպը ու անգամ մը եւս փաստեց ժողովուրդին հետ, ժողովուրդին համար ըլլալու իր առաքելութիւնը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+