24 Ocak 2017
Պոլսահայ մտաւորական, «Ակօս» պարբերականի հիմնադիր Հրանդ Տինքի սպանութեան 10րդ տարելիցին մոմավառութիւն տեղի ունեցած է ԱՄՆ Նիւ Եորք քաղաքին մէջ: Այս մասին կը տեղեկացնէ The Armenian Weekly պարբերականը: Հայկական համայնքի քանի մը տասնեակ անդամներ մասնակցած են արարողութեան Հայաստանի դրօշներով, Տինքի լուսանկարներով եւ տարբեր կարգախօսներ պարունակող գրութիւններով: Անոնք արդարութեան կոչերով հանդէս եկած են` կոչելով. «Բոլորս Հրանդ Տինք ենք», «Արդարութիւն Հրանդ Տինքի համար», «Թուրքիա, ճանչցի՛ր քու մեղքդ»:
Մոմավառութեան սկիզբը աղօթք ընթերցուած է, ապա երգած են «Հայր մեր»-ը», «Տէր ողորմեա», «Լիլիկիա»: Համայնքի անունէն ելոյթ ունեցած են Հայ դատի Նիւ Եորքի յանձնախումբի ղեկավար Նազարէթ Մարգարեան եւ գրող Թալին Բաբայեան: Մարգարեան նշած է.
«Հրանդ Տինքը սառնարիւն կերպով օր ցերեկով սպաննուեցաւ Թուրքիոյ փողոցներուն մէջ, քանի որ ան քաջութիւն ունէր կանգնելու յանուն ճշմարտութեան եւ որովհետեւ ան լուռ չէր մնար Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Թուրքիան կը շարունակէ ոտնահարել քաղաքացիներու ապրելու եւ խօսքի ազատութեան իրաւունքը եւ աւելի ուժեղացուցած է քաղաքական ընդդիմադիրներու նկատմամբ ճնշումները: Ընդամէնը քանի մը օր առաջ Թուրքիոյ խորհրդարանի ընտրուած անդամը` Կարօ Փայլանը, պատժուած է եւ հեռացուած խորհրդարանէն: Մեր պարտականութիւնն է ըլլալ զգօն եւ մեր հաւաքական ձայնը բարձրացնել ի աջակցութիւն Փայլանի, որ, ինչպէս եւ Հրանդ Տինքը, կը հրաժարին լռելէ յանուն մարդու իրաւունքներու եւ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման իր պայքարին մէջ»:
Բաբայեան եւս ընդգծած է, որ Տինքը առաջ կ՛երթար ճշմարտութեան, արդարութեան եւ յառաջընթացի շարժառիթով:
«Այսօր` Տինքի սպանութենէն մէկ տասնամեակ անց, քիչ բան փոխուած է Թուրքիոյ մէջ: Կրօնական եւ էթնիկ փոքրամասնութիւններու համակարգուած ճնշումները կը շարունակուին: Սակայն մենք ունինք աւելի լաւ ապագայի յոյս: Հրանդը մեզի տուած այդ յոյսը: Մենք այստեղ ենք, ախպարիկ»,- նշած է ան: