24 Ocak 2017
Ֆրանսայի նախագահութեան «Հանրապետականներ» աջակողմեան կուսակցութեան թեկնածու Ֆրանսուա Ֆիոն ֆրանսական «Լը Մոնտ» եւ գերմանական «Ֆրանքֆուրթըր Ալկմայնը Ցայթունկ» օրաթերթերուն հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ միջամտութիւնը արգիլեց, որ ՏԱՀԵՇ Դամասկոսի մէջ իշխանութեան տիրանայ:
Ֆիոն յայտարարեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հեռացումի նախապայմանը գնահատումի մեծ սխալ մըն էր, որուն պատճառով եւրոպացիները Սուրիոյ տագնապի լուծման հոլովոյթէն դուրս մնացին: Ան նշեց, որ Եւրոպան ստիպուած չէ Միացեալ Նահանգներու պարտադրած խաղի կանոններուն հետեւելու:
Ան կոչ ուղղեց պաշտպանութեան մարզին մէջ եւրոպական դաշինք մը կազմելու` նշելով, որ Եւրոպան պէտք է իր սեփական պաշտպանական մարզը կառուցէ, ըլլայ այդ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ կամ առանց անոր:
Ֆիոն նաեւ կոչ ուղղեց Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները վերականգնելու: «Այդ հարցը կը կատարուի ուքրանական հարցի լուծման միջոցով, ապա երկրորդ հանգրուանին պահանջուածը Ռուսիոյ հետ տնտեսական նոր գործընկերութիւն մըն է», ըսաւ ան:
Ֆիոն նաեւ յայտարարեց, որ Վրաստանն ու Ուքրանիան տեղ չունին Եւրոպական Միութեան եւ ՕԹԱՆ-ի մէջ: «Պարզապէս պէտք է ընդունիլ, որ Վրաստանը եւ Ուքրանիան կոչուած չեն անդամակցելու Եւրոպական Միութեան եւ ՕԹԱՆ-ին», ընդգծեց ան:
Ան նաեւ «անպատասխանատու» նկատեց յայտարարութիւնները քաղաքական այն գործիչներուն, որոնք կոչ կ՛ուղղեն Քիեւին եւ Թիֆլիսին անդամակցութիւն տրամադրելու ՕԹԱՆ-ի եւ Եւրոպական Միութեան մէջ:
Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի նախագահի ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան երկու փուլով` ապրիլ եւ մայիս 2017-ին