Ասթանայի Մէջ Սուրիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները Ընթացք Առին - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

24 Ocak 2017  

Ասթանայի Մէջ Սուրիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները Ընթացք Առին -

Ասթանայի Մէջ Սուրիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները Ընթացք Առին Ասթանայի Մէջ Սուրիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները Ընթացք Առին

Ասթանայի մէջ երէկ ընթացք առին Սուրիոյ հարցով երկօրեայ բանակցութիւնները: Երէկուան առաջին նիստը Սուրիոյ կառավարութեան եւ ընդդիմութեան պատուիրակութիւններուն միջեւ ընթացաւ անուղղակի բանակցութեան ձեւաչափով: Երկու անջատ սենեակներու մէջ գտնուող պատուիրակութիւնները բանակցեցան միջնորդի ճամբով: Միջնորդութեան դերակատարութիւնը վստահուած էր Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրայի եւ ռուսական ու թրքական պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչներուն:

Ղազախստանի մէջ բանակցութիւնները ընթացք առին ընդհանուր նիստով մը, որուն ընթացքին Ղազախստանի նախագահի խօսքը արտասանեց երկրի արտաքին գործոց նախարար Խէյրաթ Ապտելռահիմով, որ յոյս յայտնեց, թէ բանակցութիւնները բեկում կը յառաջացնեն սուրիական տագնապին մէջ` աւելցնելով. «Երկխօսութիւնը սուրիական տագնապը լուծելու միակ միջոցն է»:

Սուրիոյ պատուիրակութեան ղեկավար Պաշշար Ժաաֆարի շեշտեց, որ ժողովը պէտք է ըլլայ բացառապէս միջսուրիական` աւելցնելով, որ անոր նպատակը ամբողջ Սուրիոյ տարածքին, բացառութեամբ ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի, զինադադարի ամրապնդումն է, որ կ՛իրականանայ հաշտութիւն գոյացնել ուզող խմբաւորումները ահաբեկչական խմբաւորումներէն անջատելով:

Ժաաֆարի ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու համար անհրաժեշտ է փակել Թուրքիոյ հետ սահմանը` աւելցնելով, որ Ասթանայի ժողովը արդիւնք է շարք մը կողմերու, մասնաւորաբար Ռուսիոյ եւ Իրանի ջանքերուն:

Սուրիական զինեալ խմբաւորումներու պատուիրակութեան ղեկավար Մոհամետ Ալլուշ իր կարգին յայտնեց, որ մարտական գործողութիւնները պէտք է դադրին ամբողջ Սուրիոյ տարածքին, մարդասիրական օժանդակութիւնները մատակարարուին եւ պէտք է յառաջ ընթանալ դէպի իշխանութեան քաղաքական փոխանցում` աւելցնելով. «Մինչեւ հիմա Սուրիոյ կառավարական պատուիրակութեան հետ ուղղակի բանակցութիւններ չեղան»:

Ռուսիոյ պատուիրակութեան ղեկավար Ալեքսանտր Լաւրենթեւ շեշտը դրաւ Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան պաշտպանութեան եւ գաղափարախօսութեան մը յարող պետութեան մը չվերածուելուն առաջնահերթութեան վրայ` յոյս յայտնելով, որ ստեղծուի Ժընեւի բանակցութիւնները վերսկսելու բարենպաստ մթնոլորտ:

Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Հիւսէյն Ժապիրի Անսարի իր կարգին յայտնեց, որ սուրիական հակամարտութիւնը լուծելու Թեհրանի, Մոսկուայի եւ Անգարայի ռազմավարութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ արդիւնքի հասնիլը:

Ղազախստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճորճ Քրոլ յայտնեց, որ իր երկիրը կառչած կը մնայ սուրիական տագնապի քաղաքական այն լուծումին, որ առաւելագոյն չափով սուրիացիներ կը ներգրաւէ` նշելով. «Յառաջիկայ ամիս Ժընեւի մէջ միջսուրիական հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ»:

Տը Միսթուրա իր կարգին նշեց, որ Ասթանայի բանակցութիւններուն յաջողութիւնը ճամբան պիտի հարթէ Ժընեւի բանակցութիւններու շարունակման, եւ Ասթանայի հանդիպումին երաշխաւոր երկիրներուն կոչ ուղղեց` զինադադարի հսկողութեան գործիքակազմ մը գտնելու: Ան շեշտեց կարեւորութիւնը Սուրիոյ մէջ մարդասիրական հարցերու լուծման` ընդգծելով. «ՄԱԿ-ը երկրորդ Լիպիա մը չ՛ուզեր»:

Առաջին նիստի աւարտէն ետք ռուսական պատուիրակութեան պետը յայտնեց. «Մոսկուան ընդհանուր առմամբ գոհ է անոր արդիւնքներէն»:

Նշենք, որ բացման նիստը 40 վայրկեան ուշ սկսաւ` արտասանուելիք խօսքերուն վերաբերեալ մեծ տարակարծութիւններու պատճառով, ինչպէս նաեւ սուրիական ընդդիմութեան խմբաւորումներուն կառավարութեան հետ մէկ կլոր սեղանի շուրջ նստելու եւ իրանեան պատուիրակի խօսք արտասանելուն ընդդիմութեան պատճառով:

Աւելի ուշ, աղբիւրներ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Ասթանայի մէջ բանակցութիւններու առաջին օրը վերջ գտած է առանց որեւէ բեկումի արձանագրման:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+