Թուրքիոյ Մէջ Չկայ Հայոց Ցեղասպանութիւն, Չկայ Կարօ Փայլան, Կայ Միայն Ֆաշիզմ. Թուրք Սիւնակագիր - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Մթացեալ

Հայերէն :

23 Ocak 2017  

Թուրքիոյ Մէջ Չկայ Հայոց Ցեղասպանութիւն, Չկայ Կարօ Փայլան, Կայ Միայն Ֆաշիզմ. Թուրք Սիւնակագիր -

Թուրքիոյ Մէջ Չկայ Հայոց Ցեղասպանութիւն, Չկայ Կարօ Փայլան, Կայ Միայն Ֆաշիզմ. Թուրք Սիւնակագիր Թուրքիոյ Մէջ Չկայ Հայոց Ցեղասպանութիւն, Չկայ Կարօ Փայլան, Կայ Միայն Ֆաշիզմ. Թուրք Սիւնակագիր

Թուրք սիւնակագիր Նուրեթթին Տեմիրթաշը yeniozgurpolitika.org կայքի իր սիւնակին մէջ անդրադարձած է Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի աղմկայարոյց ելոյթին եւ ատոր յաջորդած իրադարձութիւններուն, կը հաղորդէ tert.am-ը:

Ինչպէս նախապէս յայտնած էինք ` ցեղասպանութիւն եզրոյթի կիրառման համար Կարօ Փայլան զրկուած էր խորհրդարանի երեք նիստին մասնակցելու իրաւունքէ:

«Կարօ Փայլան կ՛ըսէ, թէ լաւ գիտէ` ինչ եկած է իր նախնիներու գլխուն, կը կիրառէ այդ արգիլուած բառը, կ՛ըսէ` ցեղասպանութիւն իրագործուած է: Փայլանը կը պատժեն, երեք նիստի մասնակցելու իրաւունքէ զրկելով: Օգտագործած եզրոյթն ալ նիստի արձանագրութենէն կը հանուի: Միջնադարուն ամենավատ պատիժը եղած է մոռացութեան տալը, այսինքն` դուն չկաս, չես ալ եղած, անուն եւ ինքնութիւն երբեք չես ունեցած, դուն երբեք գոյութիւն չես ունեցած, չկաս: Թուրքիոյ մէջ չկայ Հայոց ցեղասպանութիւն, չկայ Կարօ Փայլան, կայ միայն ֆաշիզմ»,- գրած է սիւնակագիրը` ընդգծելով, որ Թուրքիոյ մէջ այդ կերպով կը ցանկան մոռնալ ցեղասպանութիւնն ու հայերը:

Նուրեթթին Տէմիրթաշը համոզուած է, որ խորհրդարանը կը ցանկայ պարտադրել Փայլանին հրաժարիլ իր այդ կեցուածքէն եւ կը փորձէ խորհրդարանի նիստերուն մասնակցելու իրաւունքէն զրկելով «վախցնել» զայն:

«Խորհրդարանը այսպիսի պատիժ սահմանած է Փայլանի դէմ. «Երէք նիստէ ետք կրնաս գալ, մասնակցիլ, բայց դուն այլեւս դուն չես ըլլար, ցեղասպանութիւն բառն ալ չես ըսեր»: Լաւ, բայց 1915-ին տեղի ունեցածի մասին եթէ հայերէն չէ, ապա որմէ՞ պէտք է լսենք: Ասոր համար պէտք է ընդամէնը քիչ մը արդար ըլլանք», – նշած է սիւնակագիրը:

Յիշեցնենք, որ Կարօ Փայլան խորհրդարանին մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններու վերաբերեալ նախագիծի քննարկման ժամանակ նշած էր, որ Թուրքիոյ մէջ Սահմանադրութեան առաջին օրինակը կազմուած է հայերուն կողմէ, եւ ընդգծած, որ երկիրը ընկղմուեցաւ քաոսի մէջ, երբ իշխանութիւնները սկսան ներկայացնել միայն թուրքերու շահերէ բխող Սահմանադրութեան օրինակներ, ինչպէս եւ հիմա:

«Այդ քաոսային շրջանին մենք կորսնցուցինք չորս ազգ` հայերը, յոյները, ասորիները եւ հրէաները, որոնք մեծ կոտորածներու եւ ցեղասպանութիւններու հետեւանքով այս հողերէն կա՛մ աքսորուած են, կա՛մ տանջանքներու ենթարկուած են»,- ըսած էր Փայլան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+