23 Ocak 2017
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը ուրբաթ, 20 յունուարին, նախագահ Տանըլտ Թրամփի երդմնակալութեան առիթով յայտարարութիւն մը հրապարակեց` ամերիկահայութեան անունով շնորհաւորելով նորընտիր նախագահն ու փոխնախագահը, եւ պատմական ու անկիւնադարձային այս պահուն մաղթելով, որ անոնց նոր գաղափարներով եւ վճռական ղեկավարումով` Հայաստանի ու Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւնները նոր բարձունքներ նուաճեն:
Նոյն յայտարարութեան մէջ, Հայ դատի յանձնախումբը յիշատակեց երեք հիմնական ուղղութիւններ, ուր կ՛ակնկալուի նորընտիր նախագահին գործօն աջակցութիւնը.
ա.- Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու անոր պատշաճ ոգեկոչումը Միացեալ Նահանգներու կողմէ` թրքական ճնշումներու չէզոքացումով:
բ.- Կովկասի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդումը եւ այս ծիրին մէջ Արցախի անկախութեան ճանաչումը:
գ.- Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ` քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական մարզերուն մէջ յարաբերութեանց ու համագործակցութեան սերտացումն ու առաւել զարգացումը:
Հայ դատի յանձնախումբը նաեւ իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է համագործակցելու նախագահ Թրամփի ու իր վարչակազմին հետ` յառաջ տանելու համար հայ-ամերիկեան ընդհանուր շահերու պաշտպանութեան աշխատանքները: