Դանիոյ Իշխող Կուսակցութիւնը Կը Նահանջէ Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալէ - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Շաւաղօտ

Հայերէն :

22 Ocak 2017  

Դանիոյ Իշխող Կուսակցութիւնը Կը Նահանջէ Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալէ -

Դանիոյ Իշխող Կուսակցութիւնը Կը Նահանջէ Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալէ Դանիոյ Իշխող Կուսակցութիւնը Կը Նահանջէ Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալէ

Նիուզ կը հաղորդէ, որ Դանիոյ համախոհական կառավարութեան անդամ «Ազատական դաշինք» կուսակցութիւնը 19 յունուարին նահանջած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մտադրութենէն. այս մասին կը հաղորդէ երկրին պետական ձայնասփիւռի կայանը:

Նշեալ կուսակցութիւնը, երկու այլ կուսակցութիւններու հետ, իշխանութեանց կոչ ուղղած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու, սակայն այժմ շրջադարձ կատարած է:

Արդարեւ, Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին քննարկման ընթացքին, կուսակցութեան անդամ արտաքին գործոց նախարար Անտերս Սամուէլսընը յայտարարած է, թէ հարցը պէտք է պատմաբաններու կողմէ քննարկուի: Սակայն, ընկերվարականներու եւ կենսոլորտի պաշտպաններու կազմած «Միասնութեան ցանկ» ընդդիմադիր դաշինքը, որ ծանօթ է նաեւ «Կարմիր-Կանաչ» անունով, հաւատարիմ կը մնայ իր խօսքին: Այս կուսակցութեան ներկայացուցիչ Նիքոլա Վիլումսեն «մեծ ողբերգութիւն» կոչած է Ցեղասպանութիւնը` զայն պաշտօնապէս ճանչցող բանաձեւին վաւերացումը կենսական նկատելով:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+