22 Ocak 2017
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս Բեթղեհէմի Ծննդեան տաճարին մէջ մասնակցած է հայոց Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին յայտնած է Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Կորիւն վրդ. Պաղտասարեան, Պաղեստինի նախագահը նախապէս մասնակցած է նաեւ Ծննդեան տաճարի հայոց վանքին մէջ Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանի կողմէ տրուած հիւրասիրութեան:
Հիւրասիրութեան ընթացքին պատրիարքը ողջունած է Ապպասի ներկայութիւնը, որմէ ետք Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահը շնորհաւորած է Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց միաբանութիւնը եւ Պաղեստինի հայերը` Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով:
Պաղեստինի մէջ հայկական եկեղեցին Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը կը նշէ 18-19 յունուարին: