22 Ocak 2017
Թուրքիոյ փոխվարչապետ եւ կառավարութեան բանբեր Նուման Քուրթուլմուշ յայտարարեց. «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հեռացումը ներկայիս անիրատեսական է»:
«Այլեւս անկարող ենք «առանց Ասատի» լուծման վրայ պնդել շարունակել», խոստովանեցաւ ան:
Մինչ այդ, Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա յոյս յայտնեց, որ Սուրիոյ շուրջ Ասթանայի բանակցութիւնները յանգեցնեն երկրին մէջ զինադադարի դրութիւնը ամրապնդելու ջանքերու միաւորման ու ամրապնդման:
«Կը նախատեսուի, որ Ասթանայի ժողովը ամրապնդէ այն, որուն մասին խօսած են Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինն ու Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը, ինչ որ նաեւ սուրիացի ժողովուրդին ուզածն է», նշեց ան:
Պատասխանելով Ասթանայի բանակցութիւններուն արդիւնքը վաւերացման համար ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացնելու անհրաժեշտութեան մասին հարցումի մը` տը Միսթուրա ըսաւ. «Ատիկա կախեալ է Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիրներէն, եւ անոնք, ինչպէս գիտէք, իրենց ծրագիրներուն վերաբերեալ որոշումները իրենք կ՛առնեն»:
Միւս կողմէ, պաշտօնական աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնած են, որ ֆրանսացի բարձրաստիճան դիւանագէտ մը ներկայ պիտի գտնուի Ասթանայի մէջ 23 յունուարին նախատեսուած բանակցութիւններուն եւ սուրիական ընդդիմութեան խորհրդատուութիւն պիտի կատարէ: