22 Ocak 2017
Գերմանիոյ ներքին գաղտնի սպասարկութեան ղեկավար Հանց Ճորճ Մասին զգուշացուց, որ Գերմանիան իր հողերուն վրայ թրքական գաղտնի սպասարկութեան գործողութիւններուն նկատմամբ աչք պիտի չփակէ:
«Պերլին մեծապէս մտահոգուած է Թուրքիոյ մէջ արձանագրուող զարգացումներէն, ինչպէս նաեւ Գերմանիոյ մէջ բնակող թրքական փոքրամասնութեան կամ ծագումով թուրք գերմանացիներուն վրայ ազդելու գործողութիւններէն», նշեց ան: