Կարօ Փայլանը Հրանդ Տինքն Է - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Լուսակն

Հայերէն :

22 Ocak 2017  

Կարօ Փայլանը Հրանդ Տինքն Է -

Կարօ Փայլանը Հրանդ Տինքն Է Կարօ Փայլանը Հրանդ Տինքն Է

Թրքական հեղինակաւոր «Ճումհուրիէթ» օրաթերթի սիւնակագիր Այտըն Էնկին յօդուած մը հրապարակած է` նուիրուած տասը տարի առաջ Հրանդ Տինքի սպանութեան եւ մեր օրերուն անոր գործը շարունակող հայ երեսփոխան Կարօ Փայլանին: «Կարօ Փայլանը Հրանդ Տինքն է» խորագիրը կրող յօդուածը «Արմէնփրես» կը ներկայացնէ մասնակի կրճատումներով.

Անոր սպանութեան օրէն արդէն տասը տարի անցած է: Տասը տարի անցած է այն ժամանակէն, երբ վարչապետը` ներկայ նախագահը, անոր տունը երթալով, խոստացաւ` ըսելով. «Թոյլ չենք տար, որ այս յանցագործութիւնը կորսուի Անգարայի մթին բաւիղներուն մէջ»: Սակայն սադրիչները, մարդասպաններու դէմքը շոյողները, անոր մահուան ճանապարհին արիւնոտ քարեր նետողները, յանցանքի մասին իմացողները, բայց զայն չկանխողները, աչք փակողները դեռ կը շրջին «մթին լաբիւրինթոսներու» ապահովութեան մէջ…

Զայն սպաննեցիք: Կարծեցիք, թէ այս երկրին ամենաքաջ զաւակներէն մէկը մէջտեղէն վերցնելով` պիտի կարենաք վերցնել անկէ բարձրացող հզօր ձայնն ու քաջ սիրտը:

Սխալեցա՛ք:

Ցեղապաշտական-ազգայնական նախապաշարումներով կուրցած ձեր ուղեղը չկրցաւ հաշուի առնել, նախատեսել: Չկրցաք հասկնալ, որ անոր սպանութեամբ, անկէ պիտի ծնին հազարաւորներ, տասնեակ հազարաւորներ:

Չէիք կրնար գիտակցիլ եւ չգիտակցեցաք, որ յանցագործութենէն անմիջապէս ետք անոր սպանութեան վայրին վրայ հարիւր հազարաւորներ պիտի հաւաքուէին, այդ հարիւր հազարաւորները Շիշլիէն Ենիքափը պիտի բացագանչէին. «Բոլորս Հրանդ ենք», անոր սպանութենէն ծնած զայրոյթէն պիտի ծնէր գիտակցումն ու պիտի յառաջանար սիրտի խիզախութիւնը:

Զայն չկրցաք հասկնալ, նոյնիսկ երբ ան ողջ էր: 1998 թուականին Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը յանցանք նկատող օրէնքի ընդունման օրը առանց վարանելու գլխաւոր հեռատեսիլի պաստառէն խօսեցաւ: Յիշեցէք այդ օրը անոր ըսածները. «Կ՛երթամ Փարիզ եւ Քոնքորտ հրապարակին վրայ, քարի մը վրայ կանգնելով` կը հառաչեմ. «1915-ին Անատոլիոյ մէջ հայերու դէմ ցեղասպանութիւն չէ գործուած»: Ֆրանսական պետութիւնը մէկ ձեռքէս կը բռնէ զիս եւ կը տանի: Այնուհետեւ կը վերադառնամ, Անգարայի Կիւվեն այգիին մէջ քարի մը վրայ կանգնելով` կը հառաչեմ. «1915-ին Անատոլիոյ մէջ հայերու դէմ ցեղասպանութիւն գործուած է»: Պետութիւնը միւս ձեռքէս կը բռնէ եւ կը տանի: Գուցէ զիս մասնատեն: Սակայն ես չեմ հրաժարիր ըսելէ այն, ինչ որ ճիշդ գիտեմ: Ցեղասպանութեան իրողութեան հետ ոչ թէ օրէնքներով, այլ քննարկելով եւ խօսելով կրնանք առերեսուիլ…»:

Յիշեցի՞ք:

Ամչցա՞ք:

Ըսի, որ «զայն սպաննեցիք եւ անկէ ծնան տասնեակ, հարիւրաւոր, հազարաւոր անոր նմաններ: Ան, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան վախցած, սարսափած, շշուկով խօսող հայ քաղաքացիներուն մէջէն յայտնուած էր, այսօր կ՛ապրի իր դրօշակիր երիտասարդ հայերուն ձայնին, խօսքին, գիտակցութեան եւ գործողութիւններուն մէջ:

Անոնցմէ մէկն ալ Կարօ Փայլանն է:

Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան երեսփոխան Կարօ Փայլանը:

Նախորդ օրը խորհրդարանին մէջ իրականութիւնը ըսելով անկէ ետ չմնացող եւ 1915 թուականի մասին խօսելու ատեն` «Ես անոր անունը ցեղասպանութիւն կը դնեմ, դուք ալ կոչեցէք` ինչպէս որ կ՛ուզէք: Եկէք` անունը միասին դնենք եւ շարունակենք մեր ճամբան: Ես շատ լաւ գիտեմ, թէ պապս ինչեր ապրած է» ըսող, բոլորիդ կողմէ պատժուած Կարօ Փայլանը…

Մի՞թէ չէք հասկնար` Կարօ Փայլանը Հրանդ Տինքն է:

Հրանդը սպաննեցիք, Կարոն, Կարոները ի՞նչ պիտի ընէք:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+