18 Ocak 2017
System of a Down ռոք-խումբի երգիչ, հասարակական գործիչ Սերժ Թանգեան հանդէս եկած է ի պաշտպանութիւն Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանին:
Կարօ Փայլանին ժամանակաւորապէս զրկած են Թուրքիոյ խորհրդարանի նիստերուն մասնակցելու իրաւունքէն` «ցեղասպանութիւն» բառը օգտագործելուն համար:
«Կարօ Փայլանը իրական հերոս է, քանի որ շատ վտանգաւոր է ճշմարտութեան մասին խօսած է հասարակութեան մը մէջ, որ կրնայ բազմաթիւ պատասխան հարուածներ հասցնել: Ես նախորդ տարի անոր հետ հանդիպելու պատիւը ունեցած եմ: Մենք քեզի հետ ենք, Կարօ՛», – ըսած է Սերժ Թանգեան:
«Մետիամաքս»-ը կը նշէ, որ Սերժ Թանգեան պարբերաբար հանդէս կու գայ Թուրքիոյ իշխանութիւններու խիստ քննադատութեամբ: Մասնաւորապէս, 2016 թուականի Ապրիլին ան Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը «յիմար» անուանած էր: