ինքի Գործով Կասկածեալը Սթամպուլի Իշխանութիւնները Կը Մեղադրէ Անոր Մահուան Համար - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Շառաւիղեալ

Հայերէն :

18 Ocak 2017  

ինքի Գործով Կասկածեալը Սթամպուլի Իշխանութիւնները Կը Մեղադրէ Անոր Մահուան Համար -

ինքի Գործով Կասկածեալը Սթամպուլի Իշխանութիւնները Կը Մեղադրէ Անոր Մահուան Համար ինքի Գործով Կասկածեալը Սթամպուլի Իշխանութիւնները Կը Մեղադրէ Անոր Մահուան Համար

Պոլսահայ լրագրող Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով կասկածեալ՝ Սթամպուլի ոստիկանութեան հետախուզական բաժինի նախկին տնօրէն Ալի Ֆուաթ Եըլմազերը, դատական նիստին ժամանակ նոր ցուցմունքներ տուած է գործին վերաբերեալ: Ան յայտարարած է, որ պետութիւնը որեւէ քայլ չէ ձեռնարկած Տինքը պաշտպանելու համար: Այս մասին կը տեղեկացնէ պոլսահայ «Ակօս» թերթը։

«Այս յանցագործութեան հետ կապուած հետաքննութիւններ իրականացած են, սակայն ոչ մէկ քայլ ձեռնարկուած է: Ասիկա յանցագործութիւն մըն է, ուր բոլորը, ընդհանուր յայտարարի գալով, որեւէ միջոց չձեռնարկեցին եւ թոյլ տուին, որ անիկա տեղի ունենայ: Պետութիւնը չըրաւ այն, ինչ պարտաւոր էր: Հրանդ Տինքի կեանքը չպաշտպանուեցաւ»,-­ նշած է Եըլմազերը:

Կասկածեալը ըսած է, որ յանցագործութեան կատարումը նպատակ ունեցած է Թուրքիոյ մէջ անկայունութիւն ստեղծել: «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան՝ իշխանութեան օրով ազգայնականները համակարգուած կերպով յաճախակիացուցած են իրենց գործողութիւնները: Տինքի սպանութիւնը պիտի ծառայէր քաոսի յառաջացման»,­- յայտնած է Սթամպուլի ոստիկանութեան հետախուզական բաժինի նախկին տնօրէնը:

Ան ընդունած է այն փաստը, որ Տինքի կեանքը պաշտպանելը եղած է Սթամպուլի իշխանութիւններուն պարտականութիւնը: Եըլմազեր յայտնած է, որ Սթամպուլի նահանգապետարանն ու ոստիկանութիւնը տեղեկութիւններ ունեցած են Տինքի սպանութիւնը նախապատրաստելուն վերաբերեալ, սակայն անոր անհրաժեշտ պաշտպանութիւն չէ տրամադրուած: «Եթէ սպանութեան գործով կ՝որոնուի կանխամտածուածութեան տարր, ատիկա պէտք է փնտռել Սթամպուլի մէջ»,-­ նշած է ան:

Յիշեցնենք, որ Սթամպուլի «Ակօս» թերթի հայ խմբագրապետ Հրանդ Տինքը սպաննուած է 2007 Յունուար 19­-ին` խմբագրութեան առջեւ անոր վրայ կատարուած զինուած յարձակման հետեւանքով:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+