Ցեղասպանութիւն Բառը Օգտագործելով Կարօ Փայլանը Ժողովուրդին Մէջ Թշնամանք Կը Սերմանէ. Ա. Քէոռօղլու - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Առաւօտ

Հայերէն :

18 Ocak 2017  

Ցեղասպանութիւն Բառը Օգտագործելով Կարօ Փայլանը Ժողովուրդին Մէջ Թշնամանք Կը Սերմանէ. Ա. Քէոռօղլու -

Ցեղասպանութիւն Բառը Օգտագործելով Կարօ Փայլանը Ժողովուրդին Մէջ Թշնամանք Կը Սերմանէ. Ա. Քէոռօղլու Ցեղասպանութիւն Բառը Օգտագործելով Կարօ Փայլանը Ժողովուրդին Մէջ Թշնամանք Կը Սերմանէ. Ա. Քէոռօղլու

Թուրքիոյ «Մեծ միութիւն» կուսակցութեան (ՄՄԿ-BBP) Էտիրնէի նահանգային կառոյցի ղեկավար Արիֆ Քէոռօղլուն խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի դէմ հայց ներկայացուցած է դատախազութիւն: Վկայակոչելով թրքական «Beyaz Gazetesi» թերթը` Ermenihaber.am կը նշէ, թէ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին՝ Քէորօղլուն Փայլանը մեղադրած է ժողովուրդին մէջ քէն եւ թշնամանք սերմանելու մէջ:

Թուրք պատգամաւորին պնդումով` խորհրդարանին մէջ ցեղասպանութիւն բառին օգտագործումը ստորացուցիչ է թուրք ժողովուրդին, հանրապետութեան եւ օրէնսդիր մարմնին համար: Ան պնդած է, որ ցեղասպանութեան խնդիրը վիճարկելի հարց է.

«Մեր պետութիւնը բացած է այս թեմային վերաբերեալ բոլոր արխիւային նիւթերը` ներկայացնելով զանոնք ողջ աշխարհի դատին»,- ըսած է Քէոռօղլուն:

Անոր դիտարկումով` հայ պատգամաւորը իր յայտարարութեամբ յանցանք գործած է` թաքնուելով պատգամաւորական անձեռնամխելիութեան ետին:

Քէոռօղլուն անհեթեթօրէն պնդած է, թէ իբր Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրումէն ի վեր հայերն ու միւս տեղաբնիկները ապրած են խաղաղ ու համերաշխ:

Յիշեցնենք, որ նախօրէին Թուրքիոյ ազգային մեծ ժողովին մէջ ելոյթ ունեցած հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը ըրած էր հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Ժամանակ մը կը կազմէինք 40 տոկոս, հիմա կը կազմենք մէկ հազարերորդ մասը: Ուրեմն մեր գլխուն բան մը եկած է… Ես ցեղասպանութիւն կ՝անուանեմ, դուք ինչ կ՝ուզէք` անուանեցէք: Պապիկիս ու նախնիներուս գլխուն եկածը ես շատ լաւ գիտեմ: Եկէք դուք դրէք անուանումը, ու բոլորս միասին առերեսուինք»:

Այս ելոյթին համար հայ պատգամաւորին իբրեւ պատիժ արգիլուած է մասնակցիլ խորհրդարանի յառաջիկայ 3 նիստերուն:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+