18 Ocak 2017
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր եւ գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութենէն անցած է 10 տարի: Յունուար 19-ին ընդառաջ՝ «Ակօս»-ը պիտի հրատարակէ յատուկ համար, ուր պիտի ընդգրկուին «Նամակներ Հրանդ Տինքին»: «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան լրատուական ծառայութիւնը կը ներկայացնէ Րաֆֆի Յովհաննիսեանի նամակը՝ ուղղուած Հրանդ Տինքին:
«Յաւերժական հայրենակից,
Բոլորեց տասը տարին այն եղեռնաժամէն, երբ թուրք չարագործը սառնասրտօրէն քաշեց թիկունքիդ ուղղուած զէնքին ձգանը: Սակայն տասնամեայ բացակայութիւնդ շատ աւելի ներկայ կարելի է համարել, քան ոմանց ֆիզիքական ներկայութիւնը: Ատիկա թերեւս անկէ է, որ սերմանածդ գաղափարներուն հունտերը՝ այս ամբողջ ընթացքին՝ պտղաւորուեցան եւ կը շարունակեն պտղաւորուիլ բիւրաւոր սրտերու եւ մտքերու մէջ: Իսկ 1996-ին հիմնադրածդ երկլեզու «Ակօս» պարբերաթերթը նպատակ ունէր դառնալու եւ դարձաւ թրքահայութեան խօսափողն ու իրաւունքներու պաշտպանը, հաշտարար օղակ երկու ժողովուրդներուն միջեւ:
Ողբերգականօրէն աւարտած երկրային կեանքիդ իմաստը ժողովրդավարութեան, խօսքի ազատութեան, փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն եւ, յատկապէս, Հայկական հարցին առնչուող խնդիրներու արծարծումն էր երկրի մը մէջ, ուր երբեք չեն խախտուիր ընդունուած կանոնները: Դուն մարտահրաւէր նետեցիր պատմութեան աղճատուած շարադրանքին, խիզախեցար ծառայելու իբրեւ կամուրջ հայերու եւ թուրքերու միջեւ` երբեմն արգահատանքի թիրախ դառնալով երկու կողմէն ալ: Բայց ատիկա չվհատեցուց քեզ, քանի որ հոգիիդ մէջ խորն էր անթեղուած Հայրենիքի նուիրական գաղափարը: Հայրենիք, որ կը պատկանի բոլոր հայերուն` իր ամէն մէկ թիզ հողով:
Մահդ կոտրեց արգիլուած թեմաներու բոլոր կարծրատիպերը` բեկումնային կէտ դառնալով թրքական հանրութեան մէջ եւ, առաւելապէս մտաւորականութեան շրջանակներու մէջ, խթանեց Հայոց Ցեղասպանութեան առերեսուելու, այդ օրակարգը քննարկելու մղումները: Իշխանութիւններու հալածանքներուն ի տրիտուր` չլքեցիր պապենական օճախդ, որովհետեւ «դժոխքի կրակները» ձգած` «պատրաստ դրախտի մէջ» հանգրուանելը հարիր չէր էութեանդ, մարտնչողի բնոյթիդ: Որովհետեւ աստուածատուր առաքելութիւնդ «դժոխք»-ը «դրախտ»-ի վերածելն էր:
2007-ի չարաբաստիկ Յունուար 19-ին այնդպէս բանաձեւած էիր հաւատոյ հանգանակդ՝ վերջին յօդուածիդ մէջ, որ վերնագրուած էր` «Հոգեվիճակս վախուորած աղաւնիի կը նմանի»: Համոզում կը յայտնէիր, որ ապրածդ հասարակութեան մէջ մարդիկ աղաւնիներու վրայ չեն կրակեր: Բայց նոյն օրն իսկ՝ թուրք ազգայնականի արձակած գնդակը խոցեց մարդկութեան ցաւերն ու մտահոգութիւնները իր մէջ ամբարած, բարութեամբ ու արդարամտութեամբ տրոփող սիրտդ:
Փա՛ռք ազգանուէր գործիդ, բարի անունիդ, որոնք պիտի ապրին դարեդար, սիրելի Հրանդ:
Րաֆֆի Յովհաննիսեան
ՀՀ արտաքին գործոց առաջին նախարար
«Ժառանգութիւն» կուսակցութեան նախագահ
Երեւան: