18 Ocak 2017
Սուրբ-Գևորգ-վանքԹուրքիոյ Էլեազըղ (պատմական Խարբերդ) նահանգի Շահինքայա գիւղին մէջ գտնուող հայկական Սուրբ Գէորգ վանական համալիրը կործանման եզրին է, այս մասին կը հաղորդէ «Թերթ․ամ»-ը՝ վկայակոչելով թրքական DİHABER գործակալութիւնը:
Յայտնի է, որ մօտ 1500 տարուայ պատմութիւն ունեցող վանական համալիրը երիտթուրքերու ժամանակաշրջանէն մինչ այսօր պարբերաբար կ՛ենթարկուի գանձագողերու յարձակումներուն ու աւերածութիւններուն:
Շահինքայա գիւղի բնակիչներուն պնդումով` դեռ 20 տարի առաջ վանքի պատերուն եղած են մեծ խաչեր եւ ձիաւոր սուրբի պատկեր, ատոնք 1990-ականներուն ոչնչացուած են անյայտ անձերու կողմէ:
Կը նշուի, որ Թուրքիոյ շրջակայ միջավայրի եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան հիմնադրամը 35 տարի առաջ Սուրբ Գէորգ վանքի եւ շրջակայ տարածքի պահպանման ուղղուած յայտ ներկայացուցած է իշխանութիւններուն, որուն արդիւնքով վանական համալիրը հաշուառման տակ առնուած է նահանգապետարանի կողմէ, սակայն կառոյցի պահպանման ուղղուած որեւէ աշխատանք այստեղ այդպէս ալ մինչեւ այսօր չէ իրականացուած: