18 Ocak 2017
16 թուականին ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը շարունակած է Սուրիայէն Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերու համարկումը` կեցութեան, կրթութեան, առողջապահութեան, աշխատանքի տեղաւորման եւ այլ հարցերու լուծման միջոցով: Մշակուած եւ կատարելագործուած են համագործակցութեան մեքանիզմները, կը գործէ միջգերատեսչական յանձնաժողով, աշխատանքային խումբը, արագ արձագանգման խումբը եւ թէժ գիծը:
«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` հիմնախնդիրներուն լուծումներ տալու համար ստեղծուած են աշխատանքի տեղաւորման, կրթական, առուղջապահական, բնակարաններու հիմնախնդիրներով զբաղող 4 աշխատանքային խումբեր` նախարարութեան, ՄԱԿ-ի փախստականներու երեւանեան գրասենեակի, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ: Իրականացուած են տասնեակ ձեռնարկներ, հանդիպումներ, քննարկումներ, ապահովուած է յետադարձ կապ, մասնաւորապէս.
ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը եւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութիւնը կազմակերպած են «Սիրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանում» աւանդական դարձած 5 բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառներ:
Կազմակերպուած է շուրջ 200 սուրիահայ երեխաներու ամառնային հագիստը Հայաստանի տարբեր ճամբարներու մէջ:
Սուրիահայ գործարարները մասնակցած են տարբեր ցուցահանդէսներու, անոնց համար կազմակերպուած են գործարար դասընթացներ, հանդիպում ՀՀ վարչապետին հետ:
ՀՀ կառավարութեան, ՀԲԸՄ-ի եւ «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան համաֆինանսաւորմամբ փոխհատուցուած է ՀՀ բարձրագոյն եւ միջին մասնագիտական ուսումնական հաստատութիւններու մէջ ուսանող 436 սուրիահայ ուսանողներու 2016-2017 ուսումնական տարուայ առաջին կիսամեակի ուսման վարձերուն 70 տոկոսը:
Տեղի ունեցած է Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի 8 նիստ, ուր քննարկուած եւ լուծումներ ստացած են աւելի քան 30 հարցեր:
ՀՀ Նախագահի յանձնարարութեամբ 30 թոն բեռ 2 ռուսական օդանաւով տեղափոխուած է Սուրիա:
Բարերարներու օժանդակութեամբ աջակցութիւն կը ցուցաբերուի Հալէպի որբանոցին եւ ծերանոցին:
Շարունակուած են (յատկապէս ԱՄՆ-ի մէջ) դրամահաւաքները եւ ատոնք ուղղուած են Սուրիոյ դպրոցներու գործունէութեան ապահովման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ 600-է աւելի մարդոց բնակարանի վարձի հատուցման: