Երբ Խօսքը Հայերու Կամ Քիւրտերու Մասին Է, Թուրքիոյ Մէջ Իսլամականները, Քեմալականներն Ու Ազգայնականները Կը Դառն - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Մթացեալ

Հայերէն :

17 Ocak 2017  

Երբ Խօսքը Հայերու Կամ Քիւրտերու Մասին Է, Թուրքիոյ Մէջ Իսլամականները, Քեմալականներն Ու Ազգայնականները Կը Դառն -

Երբ Խօսքը Հայերու Կամ Քիւրտերու Մասին Է, Թուրքիոյ Մէջ Իսլամականները, Քեմալականներն Ու Ազգայնականները Կը Դառն Երբ Խօսքը Հայերու Կամ Քիւրտերու Մասին Է, Թուրքիոյ Մէջ Իսլամականները, Քեմալականներն Ու Ազգայնականները Կը Դառնան Մէկ» Կ՛ըսէ Փայլան

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ մեկնաբանած է իր արտասանած աղմկայարոյց խօսքէն ետք իր հասցէին ուղղուած քննադատութիւններու տարափն ու յառաջացած իրարանցումը:

«Երբ խօսքը հայերու կամ քիւրտերու մասին է, Թուրքիոյ մէջ իսլամականները, քեմալականներն ու ազգայնականները կը դառնան մէկ», գրած է Փայլան:

Յիշեցնենք, որ Փայլան Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններու վերաբերեալ նախագիծի քննարկումին ընթացքին յիշեցուցած էր նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Ան մասնաւորաբար նշած էր, որ երկրին անհրաժեշտ է այնպիսի սահմանադրութիւն, որ պիտի պաշտպանէ Թուրքիոյ բազմակրօն ու բազմազգեան հասարակութեան բոլոր շերտերուն իրաւունքները:

Փայլան յիշեցուցած էր, որ Թուրքիոյ մէջ սահմանադրութեան առաջին օրինակը կազմուած է հայերու կողմէ, եւ ընդգծած, որ երկիրը ընկղմեցաւ քաոսի մէջ, երբ իշխանութիւնները սկսան, ինչպէս հիմա, ներկայացնել միայն թուրքերու շահերէն բխող սահմանադրութեան օրինակներ:

«Այդ քաոսային շրջանին մէջ մենք կորսնցուցինք չորս ազգ` հայերը, յոյները, ասորիներն ու հրեաները, որոնք մեծ կոտորածներու եւ ցեղասպանութիւններու պատճառով այս հողերէն կա՛մ աքսորուած են, կա՛մ տանջանքներու ենթարկուած», ըսած էր Փայլան:

Թուրքիոյ իշխող իսլամական Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան երեսփոխանները ընդհատած էին հայազգի երեսփոխանը` «դաշնակցականներու ահաբեկչութեան» եւ «հայերու ապստամբութիւններու» մասին վանկարկումներով եւ պոյքոթի ենթարկած անոր ելոյթը` սեղաններուն վրայ զարնելով: Փայլանը քննադատած են նաեւ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ներկայացուցիչները:

«Ցեղասպանութիւն» եզրը օգտագործելուն համար Կարօ Փայլան պատժուած է` զրկուելով յառաջիկայ երեք նիստերուն մասնակցելու իրաւունքէն: Անոր խօսքերը վերցուած են նիստին արձանագրութիւններէն:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+