17 Ocak 2017
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը երէկ գիշեր հաղորդեց, որ Ամանորի գիշերը Պոլսոյ գիշերային վայրի մը դէմ յարձակում գործած անձը ձերբակալուած է Օրթագիւղի շրջանին մէջ: Լրատուամիջոցները շրջանառութեան մէջ դրին լուսանկարը յարձակումը կատարած անձին, որուն վրայ յստակօրէն կ՛երեւէին խոշտանգումի հետքեր:
Նոյն օրաթերթը նախապէս հաղորդած էր, որ ահաբեկչական գործողութիւն կատարած անձը ուզպեք է եւ մաս կը կազմէ ՏԱՀԵՇ-ին, իսկ անոր կեղծանունը «Ապու Մոհամետ Խորասանի» է, 34 տարեկան: