17 Ocak 2017
Թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի` պատասխանելով Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի հնչեցուցած պահանջներուն, յայտարարած է, որ Իրաք պիտի չպատերազմի Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) դէմ:
«Մենք ըսած ենք Թուրքիոյ, որ պիտի չպայքարինք ՔԱԿ-ի դէմ եւ պիտի չխոչընդոտենք անոր կողմնակից եղող իրաքցիներու եւ յատկապէս եզիտիներու պայքարը», ըսած է Հայտար Ապատի:
Նախապէս Եըլտըրըմ յայտարարած էր. «Կա՛մ Իրաքը եւ փեշմերկան Սինճարէն պիտի հեռացնեն ՔԱԿ-ը, կա՛մ ալ Թուրքիան պիտի դիմէ անհրաժեշտ քայլերու»:
Յիշեցնենք, որ երկու երկիրներու վարչապետները 7 յունուարին հանդիպում ունեցած էին Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ: