Քրեմլին Չի Հաստատեր Ասթանայի Մէջ Սուրիոյ Շուրջ Բանակցութիւններուն Միացեալ Նահանգները Հրաւիրելու Մասին Տեղե - Հայերէն
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Շանթակող

Հայերէն :

17 Ocak 2017  

Քրեմլին Չի Հաստատեր Ասթանայի Մէջ Սուրիոյ Շուրջ Բանակցութիւններուն Միացեալ Նահանգները Հրաւիրելու Մասին Տեղե -

Քրեմլին Չի Հաստատեր Ասթանայի Մէջ Սուրիոյ Շուրջ Բանակցութիւններուն Միացեալ Նահանգները Հրաւիրելու Մասին Տեղե Քրեմլին Չի Հաստատեր Ասթանայի Մէջ Սուրիոյ Շուրջ Բանակցութիւններուն Միացեալ Նահանգները Հրաւիրելու Մասին Տեղեկութիւնը

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով չէ հաստատած Ասթանայի մէջ Սուրիոյ շուրջ բանակցութիւններուն Միացեալ Նահանգները հրաւիրելու վերաբերեալ տեղեկութիւնը:

Ան պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, թէ արդեօք Քրեմլինի մէջ կը հաստատե՞ն Ասթանայի բանակցութիւններուն մասնակցելու համար Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը հրաւիրելու վերաբերեալ տեղեկութիւնը, Փեսքով ըսած է. «Ո՛չ»:

Ան աւելցուցած է, որ «ոչինչ պիտի ըսէ այդ առաջարկին մասին»: «Ասթանան կը նախապատրաստուի, հանդիպումը կը նախապատրաստուի, ատիկա երբեք դիւրին հոլովոյթ չէ: Անիկա չի փոխարիներ միւս ձեւաչափերը, ներառեալ Ժընեւի հոլովոյթը, անոնք աւելի զիրար ամբողջացնող մասեր են: Ասիկա է այն ամէնը, որ այս փուլին պիտի ըսեմ», նշած է Ռուսիոյ նախագահին մամլոյ քարտուղարը:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու նախապէս յայտարարած էր, թէ Մոսկուայի հետ համաձայնած են Ղազախստանի մայրաքաղաքին մէջ սուրիական տագնապի լուծման նուիրուած հանդիպումին Միացեալ Նահանգները հրաւիրելու շուրջ, սակայն Փեսքով չէ մեկնաբանած այդ տեղեկութիւնը:

Միւս կողմէ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ժէյշ Իսլամ զինեալ խմբաւորման ղեկավարութեան ներկայացուցիչ Մոհամետ Ալլուշ յայտարարած է, որ ինք պիտի գլխաւորէ սուրիական զինեալ ընդդիմութեան պատուիրակութիւնը Սուրիոյ շուրջ բանակցութիւններուն ընթացքին, որոնք տեղի պիտի ունենան 23 յունուարին, Ասթանայի մէջ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+