Բողոքի Ցոյց` Առ Ի Զօրակցութիւն Ալեքսանտր Լափշինի Լրագրողներու Պաշտպանութեան Կոմիտէն Կոչ Կ՛ուղղէ Լափշինը Ազա - Հայերէն
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

17 Ocak 2017  

Բողոքի Ցոյց` Առ Ի Զօրակցութիւն Ալեքսանտր Լափշինի Լրագրողներու Պաշտպանութեան Կոմիտէն Կոչ Կ՛ուղղէ Լափշինը Ազա -

Բողոքի Ցոյց` Առ Ի Զօրակցութիւն Ալեքսանտր Լափշինի Լրագրողներու Պաշտպանութեան Կոմիտէն Կոչ Կ՛ուղղէ Լափշինը Ազա Բողոքի Ցոյց` Առ Ի Զօրակցութիւն Ալեքսանտր Լափշինի Լրագրողներու Պաշտպանութեան Կոմիտէն Կոչ Կ՛ուղղէ Լափշինը Ազատ Արձակելու

ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնն ու «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնը 16 յունուարին Հայաստանի մէջ Պիելոռուսիոյ դեսպանատան առջեւ կատարած են բողոքի ցոյց մը` առ ի զօրակցութիւն 15 դեկտեմբերին Մինսքի մէջ Ազրպէյճանի պահանջով ձերբակալուած, Իսրայէլի եւ Ռուսիոյ քաղաքացի Ալեքսանտր Լափշինի ուղղուած մեղադրանքին` առանց Ազրպէյճանի թոյլտուութեան 2011 եւ 2012 թուականներուն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն այցելելուն համար: Ազրպէյճանը զայն ներառած է իր սեւ ցանկին մէջ, եւ դատախազութիւնը քրէական գործ յարուցած է` Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ոտնահարման մեղադրանքով:

Այժմ Ալեքսանտր Լափշին կրնայ յանձնուիլ Պաքուի իշխանութիւններուն, ուր ան կրնայ դատուիլ:

«Մեր բողոքի գիրը կ՛ուզենք յղել Պիելոռուսիոյ Հանրապետութեան` Հայաստանի մէջ Պիելոռուսիոյ դեսպանատան միջոցով, եւ պիտի հետեւինք քաղաքական զարգացումներուն, Պիելոռուսիոյ քաղաքականութեան շարունակութեան` գիտնալու, թէ Ալեքսանտր Լափշինը արդեօք պիտի արտայանձնե՞ն Ազրպէյճանին: Նամակին մէջ նշուած է, թէ այնքան ատեն որ յստակ է տարիներ շարունակ Ազրպէյճանի վարած քաղաքականութիւնը, ապա Լափշինը Ազրպէյճանին արտայանձնելը կրնայ շատ վատ հետեւանքներ ունենալ, եւ անոր հիմնական իրաւունքները ամբողջովին խախտած են: Պիելոռուսիա պէտք չէ տուրք տար Ազրպէյճանին, ընդառաջէր անոր պահանջին եւ ձերբակալէր Լափշինը: Նշենք, որ Լափշինը Իսրայէլի եւ Ռուսիոյ քաղաքացի է, եթէ ըլլար Ազրպէյճանի քաղաքացի` տրամաբանական պիտի ըլլար անոր` Ազրպէյճանին արտայանձնումը, բայց այս պարագային Ազրպէյճան իրաւունք չունի պահանջելու, որ այլ երկրի քաղաքացի մը իրեն արտայանձնուի», նշած է ՀՅԴ ՀԵՄ անդամ Սեւակ Նազարեան:

Նշենք, որ երիտասարդները նամակ-պահանջը կ՛ուզէին յանձնել դեսպանին կամ գոնէ դեսպանատան ներկայացուցիչին, սակայն ոչ ոք դուրս ելած է դեսպանատունէն` նամակը ստանձնելու: Դեսպանատունէն երիտասարդներուն կոչ ուղղեցին` նամակը նետելու դեսպանատան նամակատուփին մէջ, ցուցարարները զայրոյթով բացագանչեցին` «Ամօ՛թ», «Տուրք մի՛ տաք Ազրպէյճանի քաղաքականութեան» եւ նման նախադասութիւններ:

Ի վերջոյ, երիտասարդները որոշեցին նամակը նամակատան փոխարէն զետեղել դեսպանատան դրան առջեւի գորգին վրայ: Իսկ իրենց հետ բերած պաստառները երիտասարդները փակցուցին դեսպանատան դարպասներուն: Անոնք իրենց այս քայլը բացատրեցին իբրեւ պատասխան դեսպանատան անտեսման կեցուածքին: Նկատի ունենալով, որ դեսպանատունէն ոչ ոք երեւցաւ, իրենք նպատակայարմար գտած են նամակը նամակատուփին փոխարէն զետեղել գորգին վրայ: «Անհրաժեշտ չենք նկատեր նամակը դնել նամակատուփին մէջ, քանի որ գիտենք, որ եթէ այս ծրարը հոն զետեղենք, արձագանգ պիտի չստանանք, կը դնենք հոս, որպէսզի անպայման տեսնեն, քանի որ, ինչպէս կը տեսնէք, փափաք չունին դուրս ելլելու եւ ծանօթանալու մեր պահանջներուն: Այս ձեւով ալ որոշեցինք մեր բողոքը յայտնել անոնց կեցուածքին եւ հետեւողական պիտի ըլլանք, հետագային եւս յստակ, աւելի կտրուկ քայլերու պիտի դիմենք եւ մեր բողոքի ձայնը հասանելի պիտի դարձնենք անոնց», ըսած է Սեւակ Նազարեան:

Նշենք, որ դեսպանատան պաշտօնեաները իջնելու ու նամակը առնելու փոխարէն նախընտրեցին պատուհանէն լուսանկարել ցուցարարները:

Լրագրողներու Պաշտպանութեան Կոմիտէն Կը Յորդորէ
Ազատ Արձակել Ալեքսանտր Լափշինը

Լրագրողներու պաշտպանութեան կոմիտէն յորդորած է Պիելոռուսիոյ իշխանութիւնները` անյապաղ ազատ արձակել Ալեքսանտր Լափշինը:

Լրագրողներու պաշտպանութեան կոմիտէի յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Ազրպէյճանն ու Պիելոռուսիան դիւանագիտական սերտ յարաբերութիւններ ունին: Իսկ Պիելոռուսիոյ գլխաւոր դատախազը քանի մը օր առաջ ըսած էր, թէ կ՛ուսումնասիրէ Լափշինը արտայանձնելու Ազրպէյճանի պահանջը:

«Ալեքսանտր Լափշին պէտք չէ բանտարկուի իր կարծիքը արտայայտելուն կամ վիճելի շրջան այցելելուն համար: Մենք կոչ կ՛ուղղենք Պիելոռուսիոյ իշխանութիւններուն առանց նախապայմաններու ազատ արձակելու պլոկըրը եւ թոյլ տալու անոր` վերադառնալ տուն», յայտարարած է Լրագրողներու պաշտպանութեան կոմիտէի Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ համակարգողը:

Լրագրողներու պաշտպանութեան կոմիտէն կը յիշեցնէ, որ Ազրպէյճան 180 լրագրող նկատած է «անբաղձալի անձ»` Լեռնային Ղարաբաղ այցելելնուն համար:

Ընդհանուր առմամբ, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան այդ ցանկը, որ վերջին անգամ թարմացուած է 7 դեկտեմբեր 2016-ին, կը ներառէ 623 հոգի:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+