Սփիւռքի Գործարարները Հետաքրքրուած Են Արցախի ՄԷջ Ներդրումներ Կատարելու Հարցով - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Լուսափայլ

Հայերէն :

16 Ocak 2017  

Սփիւռքի Գործարարները Հետաքրքրուած Են Արցախի ՄԷջ Ներդրումներ Կատարելու Հարցով -

Սփիւռքի Գործարարները Հետաքրքրուած Են Արցախի ՄԷջ Ներդրումներ Կատարելու Հարցով Սփիւռքի Գործարարները Հետաքրքրուած Են Արցախի ՄԷջ Ներդրումներ Կատարելու Հարցով

Սփիւռքի գործարարները հետաքրքրուած են Արցախի մէջ ներդրումներ կատարելու հարցով: Այս մասին, ըստ Hayernaysor.am-ի, այսօր հրաւիրուած ասուլիսի մը ընթացքին նշած է ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան՝ ընդգծելով, որ գործարարներէն արձագանգներ կան եւ այժմ հետեւողական աշխատանք կը տարուի անոնց հետ:

«Արդէն ﬔզի յայտնի քանի մը գործարարներէ Սփիւռքի նախարարութիւնը ստացած է գրութիւններ, որ կ՝ուզեն տեղեկանալ, թէ ի՞նչ հնարաւորութիւններ կան Արցախի մէջ ներդրումներ կատարելու համար, տնտեսութեան ո՞ր ճիւղերն են առաջնահերթ: Մենք սերտ կապի մէջ ենք Արցախի կառավարութեան եւ ներդրումային ծրագրերով զբաղող կառոյցներու հետ: Մենք քանի մը առաջարկ արդէն ներկայացուցած ենք, սակայն պէտք է նշել, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը, այդ իմաստով, կապող օղակ է»,- ըսած է Սերժ Սրապիոնեան:

Սփիւռքի նախարարի տեղակալը տեղեկացուցած է, որ նախարարութիւնը կը նախատեսէ Սփիւռքէն ժամանած եւ ներդրուﬓերու պատրաստ գործարարներուն համար տեղւոյն վրայ, Արցախի մէջ, ներդրումային ծրագիրներուն ծանօթանալու հնարաւորութիւն ստեղծել: Անոնց կը ներկայացուին այն ոլորտները, ուր կարելի է ներդրուﬓեր կատարել` նպաստելով Արցախի տնտեսութեան զարգացման:

«Արցախի կարեւորութեան գաղափարը ամուր նստած է ﬔր մէջ: Շատերը կը հասկնան, որ ատիկա պարզապէս ներդրում չէ, այդպիսով կը նպաստենք Արցախի հզօրացման: Ի դէպ, շեշտը պիտի դրուի նաեւ Արցախի զբօսաշրջութեան զարգացման վրայ: Զբօսաշրջութեան զարգացման տեսանկիւնէն Արցախը ﬔծ հնարաւորութիւններ ունի»,- աւելցուցած է Սերժ Սրապիոնեան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+