Եթէ Թուրք Զինուորները Չհեռանան Պաաշիքայէն, Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ոչ Մէկ Քայլ Պիտի Առնուի», Կ՛ըսէ Ի - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Աղջամուղջ

Հայերէն :

12 Ocak 2017  

Եթէ Թուրք Զինուորները Չհեռանան Պաաշիքայէն, Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ոչ Մէկ Քայլ Պիտի Առնուի», Կ՛ըսէ Ի -

Եթէ Թուրք Զինուորները Չհեռանան Պաաշիքայէն, Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ոչ Մէկ Քայլ Պիտի Առնուի», Կ՛ըսէ Ի Եթէ Թուրք Զինուորները Չհեռանան Պաաշիքայէն, Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ոչ Մէկ Քայլ Պիտի Առնուի», Կ՛ըսէ Իրաքի Վարչապետը

Թրքական «ՀապերԹիւրք»-ը կը հաղորդէ, որ Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի յայտարարած է, որ եթէ Թուրքիան իր ուժերը չհեռացնէ Մուսուլի մօտ գտնուող Պաաշիքա շրջանի զինուորական ճամբարէն, երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին խօսիլը պիտի դառնայ անիմաստ:

«Եթէ թուրք զինուորները չհեռանան Պաաշիքայէն, յարաբերութիւններու կարգաւորման ոչ մէկ քայլ պիտի առնուի», յայտարարած է Ապատի:

Յիշեցնենք, որ Իրաքի վարչապետ 7 յունուարին Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ հանդիպում ունեցած էր Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի հետ:

Վերջինս հանդիպումէն ետք Անգարայի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած էր, թէ Պաաշիքայի մէջ թրքական ուժերու ներկայութեան նպատակը Մուսուլը ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրելն է, եւ թէ Թուրքիոյ զինեալ ուժերը պիտի պահպանեն այդտեղ իրենց ներկայութիւնը:

«Մեր զինուորները պիտի շարունակեն այդտեղ իրենց պարտականութիւնը կատարել: Երբ պայմանները ներեն` կը նստինք, կը խօսինք, եւ հարցը կը գտնէ իր լուծումը», յայտարարած էր Թուրքիոյ վարչապետը:

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազ երէկ իր կարգին յայտնեց, որ «Իրաքի հետ Պաաշիքայի վերաբերեալ քննարկումներ պիտի կատարենք զայն ՏԱՀԵՇ-էն ձերբազատելէ ետք, եւ այս թղթածրարը պիտի լուծենք բարեկամաբար»` աւելցնելով. «Մեր ուժերուն Պաաշիքա մնալը կարեւոր է»:

Անգարայի մէջ Իրաքի դեսպան Հիշամ Ալի Աքպար եւս երէկ յայտնեց, որ թրքական ուժերը Պաաշիքայէն պիտի հեռանան Մուսուլի ազատագրումէն ետք:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+