Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպում Ունեցաւ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի Եւ Մարմիններու, Ինչպէս Նաեւ Հա - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Կամաւօտ

Հայերէն :

08 Ocak 2017  

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպում Ունեցաւ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի Եւ Մարմիններու, Ինչպէս Նաեւ Հա -

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպում Ունեցաւ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի Եւ Մարմիններու, Ինչպէս Նաեւ Հա Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպում Ունեցաւ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի Եւ Մարմիններու, Ինչպէս Նաեւ Հայկական Կազմակերպութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

Ուրբաթ, 6 Յունուար 2017-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ոււնեցաւ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի եւ մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ:

Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթին փոխանցած տեղեկութիւններով՝ հանդիպման ներկայ էին նաեւ հալէպահայ երեք համայնքապետներն ու հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները:

Բացման իր խօսքով Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան բարի գալուստ մաղթեց վեհափառ հայրապետին եւ ժողովականներուն, ապա նշեց, որ վեհափառ հայրապետը այս տարի «Վերակագնումի Տարի» հռչակեց ու մենք վերականգնումը կը սկսինք սուրիահայութեան պատմական մայրաքաղաքէն, սփիւռքահայութեան մայրաքաղաք Հալէպէն` վեհափառ հօր պատգամով:

Ապա վեհափառ հայրապետը իր խօսքը ուղղելով ներկայ ժողովականներուն նշեց, որ երէկ եւ այսօր տեղի ունեցած արարողութիւններուն ու խուռներամ բազմութեան ներկայութեան ի տես վկայեցինք, որ հալէպահայութիւնը կանգուն է ու միասնակամ՝ իր երեք համայնքապետներով, կազմակերպութիւններով ու միութիւններով, ապա անդրադարձաւ Սուրիոյ նախագահին հետ հանդիպման ու ըսաւ, որ հանդիպման ընթացքին նախագահը շեշտած է Սուրիոյ ժողովուրդին յարգանքն ու սէրը հայ ժողովուրդին նկատմամբ:

Նորին սրբութիւնը անդրադառնալով «Վերականգնումի Տարուան», ըսաւ որ թէեւ սուրիական պատերազմը իր աւարտին չէ հասած, սակայն Հալէպի ազատագրումը անկիւնադարձային նշանակութիւն ունի, այնուհետեւ ան ազգային մարմինները յորդորեց նուիրուիլ Հալէպի եւ ընդհանրապէս Սուրիոյ վերականգնումի աշխատանքներուն:
Վեհափառ հայրապետին խօսքէն ետք, սրբազան հայրը տագնապահար Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ընթերցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին սուրիահայութեան վերականգնումին ուղղուած կոչը:

Ապա սրբազան հայրը նշեց, որ վեհափառ հայրապետին հովուապետական այցելութիւնը ինքնին կը վկայէ, որ սուրիահայութիւնն ու հալէպահայութիւնը եզակի սէր ու յարգանք կը վայելեն նորին սրբութեան մօտ: Այնուամենայնիւ, վեհափառ հօր սրտին մէջ սուրիահայութեան ներկայութիւնը ամրագրելու, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդին երախտագիտութիւնն ու սէրը արտայայելու համար, սրբազան հայրը, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովին եւ մարմիններուն անունով, Բերիոյ Հայոց Թեմի «Ծառայութեան Շքանշան»ով պարգեւատրեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը:

Նորին սրբութիւնը իր շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնելէ ետք, իր կարգին եպիսկոպոսական ոսկեայ մատանիով պարգեւատրեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Սարգիսեանը՝ սուրիահայութեան տագնապի ողջ ընթացքին իր նուրեալ ու անձնուրաց ծառայութեան համար:

Աւարտին ներկաները յիշատակի խմբանկարով մը անմահացուցին պատմական այս պահը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+