Բախումնային Շրջաններու Մէջ Գտնուող Հալէպի Եկեղեցիներուն Զանգերը 5 Տարուան Լռութենէն Ետք Ղօղանջեցին՝ Ն.Ս.Օ.Տ. - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Լուսակն

Հայերէն :

08 Ocak 2017  

Բախումնային Շրջաններու Մէջ Գտնուող Հալէպի Եկեղեցիներուն Զանգերը 5 Տարուան Լռութենէն Ետք Ղօղանջեցին՝ Ն.Ս.Օ.Տ. -

Բախումնային Շրջաններու Մէջ Գտնուող Հալէպի Եկեղեցիներուն Զանգերը 5 Տարուան Լռութենէն Ետք Ղօղանջեցին՝ Ն.Ս.Օ.Տ. Բախումնային Շրջաններու Մէջ Գտնուող Հալէպի Եկեղեցիներուն Զանգերը 5 Տարուան Լռութենէն Ետք Ղօղանջեցին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառին Այցելութիւնը Աւետելով

Շաբաթ, 7 Յունուար 2017-ը նշանակալից եւ պատմական թուական մը պիտի մնայ հալէպահայութեան յիշողութեան ու պատմութեան մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթը։

Արդարեւ, առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իրեն ընկերակցող շքախումբին ու պետական, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ մինչեւ կէսօր իրերայաջորդ այցելութիւններ կատարեց նախ Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցի եւ ականատեսը եղաւ ահաբեկչական հրթիռակոծումներուն պատճառած աւերներուն։ Շքախումբին մաս կը կազմէր Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան, որ իրազեկ դարձուց վեհափառ հայրապետը եկեղեցւոյ կառոյցի մասնակի վնասներուն: Վեհափառ հայրապետը Տէրունական աղօթքէն ետք շրջեցաւ եկեղեցւոյ ու շրջափակին մէջ։

Այցելութեան յաջորդ վայրը Հալէպի Օմայատ պատմական մզկիթն էր: Մզկիթը ունի 1300 տարուայ պատմութիւն։ Մզկիթի մուտքին վեհափառ հայրապետն ու շքախումբը դիմաւորուեցան իսլամ կրօնաւորներու կողմէ:

Մզկիթէն ներս Հալէպի կրօնական կալուածներու տնօրէնը տեղեկացուց, թէ ինչպէ՛ս զինեալ ահաբեկիչներ քանդեցին մզկիթը ու 2 հանգրուանով թալանեցին անոր պատմական գանձերը՝ մաս մը փախցնելով դէպի Թուրքիա, մաս մը դէպի Հալէպի հիւսիսային արուարձաններ։ Մզկիթին մէջ վեհափառն ու անոր ընկերակցող հայ կրօնաւորները Սուրիոյ նահատակներու հոգիներուն համար «հոգւոց»ը աղօթեցին:

Այնուհետեւ վեհափառ հայրապետն ու շքախումբը այցելեցին Հալէպի պատմական բերդ։ Վեհափառ հայրապետը ականատեսը դառնալով բերդին շուրջ եղած աւերին ու համատարած քանդումներուն, տեղական եւ հայկական լրատուամիջոցներուն դիմաց խօսք առնելով ըսաւ. «Այս պահուս կը յիշեմ ֆրանսացի մտաւորական Վիքթոր Հիւկոյի խօսքը. «Այստեղէն թուրքերը անցան», աւելցնելով որ ցեղասպան թուրքը այնպէս ինչպէս 100 տարի առաջ պատմական մեր հայրենիքին մէջ, այժմ եւս Սուրիոյ մէջ մահ ու աւեր կը սփռէ։ Սակայն այս բարբարոսութիւններուն դիմաց Սուրիոյ քրիստոնեայ եւ իսլամ մեր սիրելի ժողովուրդին զաւակները պիտի յաղթեն ու անկոտրում կամքով վերակառուցեն Սուրիան ու մանաւանդ Հալէպը։ «Հալէպը խորհրդանիշն է սիրոյ եւ խաղաղութեան ու ես վստահ եմ, որ ան պիտի վերականգնի», նշեց վեհափառ հայրապետը։

Այս առիթով խօսք առին նաեւ Հալէպի նահանգապետը եւ Պաաս կուսակցութեան Հալէպի քարտուղարը յայտնելով, որ թրքական բարբարոսութիւններուն դիմաց Սուրիոյ ժողովուրդը պիտի չընկրկի, այլ՝ ձեռք-ձեռքի տալով Սուրիան պիտի վերաշինէ ու դարձնէ աւելի գեղեցիկ։

Ետքը վեհափառ հայրապետն ու շքախումբը ուղղուեցան Նոր Գիւղ։ Անոնք նախ այցելեցին ահաբեկիչներուն կողմէ հրկիզուած Ս. Գէորգ եկեղեցի: Նոր Գիւղի հայ տղաքը նորին սրբութիւնը իրազեկ դարձուցին եկեղեցւոյ հրկիզման դէպքի մանրամասնութիւններուն, որ տեղի ունեցաւ 2013-ին։ Վեհափառ հայրապետը շրջելով եկեղեցւոյ մէջ, «Տէրունական» եւ «Հոգւոց» աղօթքները բարձրացուց առ Աստուած ու ըսաւ. « Կը գտնուիմ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, հրկիզուած, քանդուած եւ կողոպտուած եկեղեցւոյ մէջ, նոյն Ցեղասպան թուրքին հետքը կը տեսնեմ այստեղ։ Քիչ առաջ շրջեցայ Հալէպի զանազան թաղամասերը եւ տեսայ ահաւոր քանդում, աւեր, սարսափ ու մահ: Կը կրկնեմ, որքան ճիշդ է ֆրանսացի մտաւորական Վիքթոր Հիւկոյի խօսքը թէ. «Այստեղէն թուրքը անցած է, հետեւաբար ամէն տեղ մահ է, քանդում ու սարսափ»: Մեր ժողովուրդը կրնայ վկայել այս մասին: Արեւմտեան Հայաստանէն, Կիլիկիայէն դարձեալ թուրքը անցաւ եւ քանդեց, աւերեց ու մէկ ու կէս միլիոն հայ ջարդեց: Եւ այսօր այս տագնապահար Հալէպի մեր սիրելի ժողովուրդին դիմաց, մենք հաւաքական հաւատքով, յոյսով եւ կամքով պէտք է դիմագրաւենք ու մանաւանդ վերակերտենք Հալէպի հայութեան կեանքը, մեր կառոյցները: Վերաշինենք ոչ միայն ֆիզիքական իմաստով, այլ նաեւ մեր համայնքը վերակազմակերպելով: Ես այս յոյսով ու յանձնառութեամբ կ՛ողջունեմ Հալէպի մեր սիրելի ժողովուրդը եւ վստահ եմ, որ հայութիւնը ամէն տեղ զօրակից, լծակից ու մասնակից պիտի դառնայ ընդհանրապէս Սուրիոյ հայութեան ու յատկապէս Հալէպի հայութեան վերականգնումի ու վերածաղկումի աշխատանքներուն»:

Ապա վեհափառ հայրապետն ու շքախումբը այցելեցին ՍՕԽ-ի ընկերաբժշկական կեդրոն, ուր դիմաւորուեցան ՍՕԽ-ի պատասխանատու մարմիններուն հետ։ Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Հռիփ Կանանեան յայտնեց, թէ միութեան անդամները նոյն թափով ու ոգիով կը շարունակեն իրենց կամաւոր ծառայութիւնը՝ հակառակ կեդրոնին կրած վնասներուն եւ քաղաքիս ծանր պայմաններուն: Վեհափառը ականատեսը եղաւ նաեւ ընկերաբժշկալան կեդրոնի աւերներուն ու խրախուսեց խաչուհիները իրենց անկոտրում կամքին ու հալէպահայ ժողովուրդին ծառայելու կոչուած իրենց գնահատելի աշխատանքին համար։

Այցելութեան յաջորդ կայանն էր մարդակերտման ամրոց՝ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանը: Ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլէճեանն ու խնամակալութեան ներկայացուցիչները վեհափառ հօր բարի գալուստ մաղթելով հաստատեցին, թէ յառաջիկայ տարի աշակերութիւնը վերստին պիտի յաճախէ Ճեմարան ու շէնցնէ 70-ամեայ այս կրթօճախը: Ապա վեհափառն ու շքախումբը մոմ վառեցին հայկական թաղերու պաշտանութեան ղեկավար, նահատակ Ռաֆֆի Պչաքճեանի յիշատակին նուիրուած մատուռին դիմաց եւ ուղղուեցան «Տիգրանեան» սրահ, ուր զրուցեցին նուիրեալ հայ տղոց հետ՝ բարձրօրէն գնահատելով պատերազմի տարիներու ընթացքին անոնց ազգանուէր ծառայութիւնն ու խիզախութիւնը: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ վեհափառ հայրապետը գոհաբանական աղօթք մատուցեց առ Աստուած, ապա տեսակցեցաւ ՍՕԽ-Ազգային Պատսպարանի պատասխանատու կազմին ու սաներուն հետ։ Պատսպարանի յանձնախումբի ատենապետ Զեփիւռ Է. Րէիսեան իրազեկ դարձուց վեհափառ հայրապետը պատսպարանի իրավիճակին:

Հուսկ, վեհափառ հայրապետն ու իրեն ընկերակցող շքախումբը հայկական թաղամասերու պաշտպանութեան նուիրուած հայ տղոց հետ խմբանկարով մը անմահացուցին այս օրը։

5 տարի շարունակ, Հալէպի բախումնային շրջաններուն մէջ գտնուող հայկական եկեղեցիներուն զանգերը կրկին ղօղանջեցին՝ աւետելով ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին այցելութիւնն ու Հալէպի խաղաղութեան վերահաստատումը:

Նշենք, որ վեհափառ հայրապետը իր այցելութիւններուն ընթացքին նուէրներ բաշխեց սուրիական բանակի զինուորներուն՝ շնորհաւորելով Հալէպի յաղթանակը:



..: Photo Galery :...





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+