Թուրքիոյ Մէջ Արտակարգ Դրութիւնը Անգամ Մը Եւս Երկարաձգուեցաւ - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Լուսափայլ

Հայերէն :

05 Ocak 2017  

Թուրքիոյ Մէջ Արտակարգ Դրութիւնը Անգամ Մը Եւս Երկարաձգուեցաւ -

Թուրքիոյ Մէջ Արտակարգ Դրութիւնը Անգամ Մը Եւս Երկարաձգուեցաւ Թուրքիոյ Մէջ Արտակարգ Դրութիւնը Անգամ Մը Եւս Երկարաձգուեցաւ

Թուրքիոյ փոխվարչապետ Նուման Քուրթուլմուշ 3 յունուարին թրքական կառավարութեան նիստէն ետք յայտարարեց, որ արտակարգ դրութիւնը պիտի երկարաձգուի յաւելեալ երեք ամիսով: Թուրքիոյ խորհրդարանը երէկ հաւանութիւն տուաւ այդ որոշումին:

Քուրթուլմուշ լրագրողներուն յայտնեց, որ նախարարները որոշած են, որ խորհրդարանի հաւանութիւնը ստանալէ ետք արտակարգ դրութիւնը 19 յունուարէն սկսեալ երկարաձգեն 90 օրով:

Ան այդ որոշումը վերագրեց կառավարական հաստատութիւններու մէջ «Կիւլենականներու ահաբեկչական կազմակերպութեան» (ՖԵԹՕ) ներկայութեան: «Պետութեան` ՖԵԹՕ-ի անդամ տարրերէ մաքրագործումը տակաւին չէ ամբողջացած: Պէտք է արտակարգ դրութիւնը գործադրենք մինչեւ որ պետութիւնը ՖԵԹՕ-էն եւ բոլոր ահաբեկչական խմբաւորումներէն մաքրագործելը», ըսաւ ան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+