05 Ocak 2017
Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սէօյլու յայտնեց, որ Պոլսոյ գիշերային վայրին դէմ յարձակումի հեղինակին ինքնութիւնը ճշդուած է:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իր կարգին «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Ամանորի գիշերը տեղի ունեցած յարձակումի հեղինակին ինքնութիւնը ճշդուած է, սակայն յաւելեալ մանրամասնութիւններ չհաղորդեց:
Խըրխըզական իշխանութիւնները երեքշաբթի օր յայտնած էին, որ Պոլսոյ մէջ կատարուած յարձակումի հարցով կասկածելին` Խըրխըզիստանի քաղաքացի Եախիէ Մաշրապովը, որուն անցագիրին լուսանկարը հրապարակուած էր թրքական լրատուամիջոցներու կողմէ, ահաբեկչական յարձակումին հետ որեւէ կապ չունի:
Խըրխըզիստանի ազգային ապահովութեան յանձնախումբի բանբեր Ռահաթ Սուլէյմանով «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Մաշրապով Խըրխըզիստան հասնելէ ետք հարցաքննուած է, սակայն ահաբեկչական գործողութեան մէջ որեւէ մեղսակցութիւն չունի, ուստի ազատ արձակուած է:
Ան սակայն նշեց, որ ճշդումի գործողութիւնները կը շարունակուին: