28 Aralık 2016
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Կինէ իր այցելութեան ընթացքին երկրի նախագահ Ալֆա Քոնտիի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց. «Մենք երբեք Ափրիկէի մէջ բռնագրաւող երկիր չենք եղած»` աւելցնելով, որ արեւմուտքի երկիրները պէտք է ճանչնան ափրիկեցիներուն դէմ իրենց գործած անիրաւութիւնները եւ այդ ճշմարտութեան հետ պէտք է առերեսուին:
Էրտողան յայտնեց, որ իր երկիրը մինչեւ աւարտ պիտի շարունակէ «Եփրատի վահան» գործողութիւնը, իսկ Միջազգային դաշինքի անդամ երկիրները չյարգեցին այդ գործողութեան օժանդակելու իրենց խոստումը:
Ան ըսաւ, որ ամերիկեան ղեկավարութեամբ Միջազգային դաշինքի անդամ երկիրները չեն յարգեր ՏԱՀԵՇ¬ի դէմ պայքարելու իրենց խոստումները` նշելով. «Միջազգային դաշինքի անդամ երկիրներու Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներուն, ներառեալ ՏԱՀԵՇ¬ի եւ քիւրտերուն աջակցելուն վերաբերեալ փաստեր ունինք»:
Քալըն Անբաւարար Կը Նկատէ Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ
Միջազգային Դաշինքին Կողմէ Թրքական Բանակին
Ցուցաբերուած Օգնութիւնը
«Կազեթեքարինճա» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտարարած է, որ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած Միջազգային դաշինքի ուժերուն կողմէ թրքական զինեալ ուժերուն բաւականաչափ օգնութիւն չտրամադրելը անընդունելի է:
«Ճարապլուսի, Տապըքի եւ Պապի մէջ դաշնակից ուժերը պէտք է կատարեն իրենց բաժին ինկող պարտականութիւնները», յայտարարած է Քալըն: