27 Aralık 2016
Թիֆլիսի Սուրբ Գէորգ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ երէկ Սուրբ Ստեփանոս նախավկայի եւ առաջին մարտիրոսի տօնը նշուած է Թեմակալ առաջնորդ Տէր Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեանի մատուցած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագով: Յընթացս Սուրբ Պատարագի, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ մէջ հաստատուած աւանդոյթին համաձայն, Ստեփանոսի բերկրառատ տօնի առիթով, կատարուած է սարկաւագական ձեռնադրութիւն:
Ըստ panorama.am-ի՝ վիրահայոց թեմը կը հաղորդէ, որ վերջին քսան տարիներու ընթացքին Սուրբ Գէորգ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ այս արարողութիւնը կատարուած է առաջին անգամ:
Գարեգին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Տէր Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեանի ձեռամբ կատարուած է Թիֆլիսի Սուրբ Գէորգ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ Յովսէփ ուրարակիր Չիրախեանի, Գէորգ ուրարարակիր Անտոնեանի, Թիֆլիսի Սուրբ Էջմիածին եկեղեցւոյ Օթար ուրարակիր Գիգաուրիի եւ Ախալքալաքի Սուրբ խաչ եկեղեցւոյ Պետրոս դպիր Գասպարեանի սարկաւագական ձեռնադրութիւնը, որոնք Գարեգին Բ․-ի օրհնութեամբ, յաջողութեամբ յանձնած էին սարկաւագական քննութիւնները: