26 Aralık 2016
Թեհրան կատարած կարճատեւ այցելութեան ընթացքին, երեքշաբթի, 20 դեկտեմբերի յետմիջօրէին, Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Իրանի մէջ Հայաստանի եւ Լիբանանի դեսպանատուները, ուր տեսակցութիւն ունեցաւ նշեալ երկիրներու դեսպաններուն հետ:
Վեհափառ հայրապետը նախ հանդիպում ունեցաւ Իրանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան` Արտաշէս Թումանեանի հետ: Դեսպանը իր ողջոյնի խօսքին ընդմէջէն բարի գալուստ մաղթեց վեհափառ հայրապետին եւ զայն տեղեկացուց դեսպանատան կատարած զանազան աշխատանքներուն մասին:
Հանդիպման ընթացքին մասնաւորաբար արծարծուեցան Հայաստան-սփիւռք ու Հայաստան-Իրան յարաբերութիւններն ու համագործակցութեան ներկայ կարգավիճակները: Վեհափառ հայրապետը շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք դեսպանին իր ցուցաբերած ջերմ ընդունելութեան համար, գնահատեց դեսպանատան ու անոր աշխատակազմին գործունէութիւնը:
Ապա, վեհափառ հայրապետը տեսակցութիւն ունեցաւ Իրանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆատի Հաժի հետ: Հանդիպման ներկայ գտնուեցան նաեւ Իրանի մէջ Ռուսիոյ, Պաղեստինի, Յունաստանի եւ Եգիպտոսի դեսպանները: Քննարկման առաջին նիւթը դարձաւ քաղաքական եւ մշակութային մակարդակներու վրայ դեսպանատուներուն տարած աշխատանքը: Ներկաները խօսեցան Սուրիոյ եւ շրջակայ շրջաններու իրավիճակներուն մասին` անգամ մը եւս հաստատելով իսլամ-քրիստոնեայ յարաբերութեան ու գործակցութեան կարեւորութիւնը, մանաւանդ Միջին Արեւելքի շրջաններուն մէջ:
Աւարտին, վեհափառ հայրապետը պատուոյ հիւրը դարձաւ Իրանի մէջ Լիբանանի դեսպանին պատրաստած սիրոյ սեղանին, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ միւս դեսպաններն ու բարձրաստիճան պետական ներկայացուցիչներ: