26 Aralık 2016
Ռուսիոյ Տումայի ԱՊՀ երկիրներու գործերու, Եւրասիական համարկման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու կոմիտէի նախագահ Լէոնիտ Քալաշնիքովն ու կոմիտէի անդամները` Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի անդամ Մհեր Շահգելդեանի ընկերակցութեամբ, այցելած են Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:
Լէոնիտ Քալաշնիքովն ու երեւանեան չորրորդ միացեալ նիստին մասնակիցները Տումային անունով ծաղկեպսակ զետեղած են Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշարձանին առջեւ, ծաղիկներով խոնարհած են անմար կրակին մօտ եւ լռութեամբ յարգած սուրբ նահատակներուն յիշատակը:
Հիւրերը նաեւ այցելած են Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ` ծանօթացած Եղեռնը հաւաստող փաստաթուղթերուն ու վաւերագիրներուն:
«Այսօր ալ կը զոհուին անմեղ մարդիկ, անհրաժեշտ է համատեղել բոլոր ուժերը` կանխելու համար համամարդկային նոր ողբերգութիւնները», ըսած է Լէոնիտ Քալաշնիքով: