26 Aralık 2016
22-23 դեկտեմբեր լուսցող գիշերը ղարաբաղեան-ազրպէյճանական տագնապի զօրքերու շփման գիծի ամբողջ երկայնքով հակառակորդը տարբեր տրամաչափի հրաձգային եւ ականանետային զինատեսակներէ զինադադարի պահպանման դրութիւնը խախտած է շուրջ 65 անգամ, որուն ընթացքին հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 1200 կրակոց: Աւելի մեծ խախտումներ արձանագրուած են արեւելեան (Ակնա) եւ հարաւարեւելեան (Մարտունի) պաշտպանական հատուածներուն մէջ: Միայն Մարտունիի ուղղութեամբ ազրպէյճանական զինուժը հայկական գիծերը ռմբակոծած է 14 անգամ:
Հակառակորդին աշխուժութիւնը ճնշելու նպատակով պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները` հիմնականին մէջ Մարտունիի ուղղութեամբ, դիմած են պատժիչ գործողութիւններու եւ զանոնք ստիպած ձեռնպահ մնալ հետագայ սադրիչ քայլերէ: Ինչպէս շփման գօտիի նշեալ հատուածին մէջ, այնպէս ալ պաշտպանական միւս ուղղութիւններուն մէջ հայկական ստորաբաժանումները շարունակած են վստահօրէն իրականացնել առաջադրուած մարտական խնդիրը եւ հակառակորդին պարտադրել իրենց կամքը:
23 դեկտեմբերի երեկոյեան հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, սահմանագիծի ամբողջ երկայնքով կացութիւնը համեմատաբար հանդարտ է: