26 Aralık 2016
Ռոյթըրզ լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով իրաւապահ մարմիններուն մէջ իր ունեցած աղբիւրը, կը հաղորդէ, որ Միլանոյի ոստիկանութիւնը գնդակահարած է 19 դեկտեմբերին Պերլինի մէջ ծանր բեռնակառքով Ս. Ծննդեան տօնավաճառ ներխուժած թունուզցի Անիս Ամարին:
Գերմանիոյ դատախազութիւնը 100 հազար եւրոյի պարգեւ խոստացած էր Պերլինի մէջ ահաբեկչական արարքի հարցով կասկածելիի գտնուելու վայրին մասին տեղեկութիւններու համար:
Յարձակումին պատճառով արձանագրուած էր 12 եւ 48 վիրաւոր:
ՏԱՀԵՇ աւելի ուշ յայտարարեց, որ Միլանոյի մէջ սպաննուած անձը Պերլինի յարձակումին հեղինակն է: